2014-06-24 10:51:59

Պատմական Կիլիկիոյ բերդեր՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին վրայ


Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 13 պատմական վայրեր ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան պահպանման ժամանակաւոր ցանկին վրայ: «Ակօս»ի աշխատակից Բագրատ Էսդուգեանի համաձայն՝ այդ վայրերէն երկուքը Կիլիկիոյ թագաւորութեան կարեւոր նմոյշներ են՝ Ատանայի մերձակայ «Անաւարզա» (Անարզաբա) ամրոցը եւ Մերսինի «Քըզ Գալեսի»ն (Կորիկոս), որոնք Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան շրջանէն հասած են մեզի, սակայն նախարարութեան լուսաբանութեան մէջ այդ մասին որեւէ նշում չէ կատարուած:
Անաւարզա պատմական քաղաքի կառուցման թուականը ճշդուած է ՆՔ. ԺԹ. դարը։ Հոն գտնուող Լեւոն Բ. թագաւորի վերագրուած միջնաբերդին ու պարիսպներուն մասին գրուած է. «Ատանայի շրջակայքին մէջ եզակի միջնադարեան ամրոցը՝ իր երեք մուտքերով ու յաղթանակի կամարով, դաշտին կեդրոնը կղզիի մը նման բարձրացող բլուրի մը վրայ կը գտնուի»:
Տարածաշրջանի պատմութիւնը հետեւեալ կերպով կը ծանօթացուի Պոլսոյ համալսարանի գրական բաժինի դասախօսներէն փրոֆ. Մուսթաֆա Համտի Սայարի կողմէ. «1137ին, Բիւզանդիոնի Եոհաննէս Կոմնենոս Բ. կայսրը 37 օրուան շրջապատումէ ետք կը յաջողի գրաւել (տարածաշրջանը): 1188ին, Լեւոն Բ. ժայռաբլուրի վրայ կը կառուցէ ամրոցը, որ մինչեւ օրս լաւագոյն ձեւով պահպանուած է: 1279ին, թիւրքմէններ կը փորձեն քաղաքը գրաւել»:
Ինչպէս կը տեսնուի, այստեղ նշուած է Լեւոն Բ.ի անունը, սակայն՝ առանց նշելու անոր Կիլիկիոյ Հայոց արքայ ըլլալը:
Թագաւորութեան կարեւորագոյն նաւահանգիստ Քորիկոսի պաշտպանութեան համար, 1199ին կառուցուած է Քըզ Գալեսին, որուն հայկական պատկանելիութեան մասին եւս նշում չենք տեսներ նախարարութեան կայքէջին վրայ: Թէեւ նշուած է, որ Քըզ Գալեսի ամրոցը 1199ին կառուցուած է Լեւոն Ա.ի կողմէ, սակայն նոյնպէս անտեսուած է անոր Հայոց թագաւոր ըլլալու իրողութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.