2014-06-24 10:32:49

Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը միջազգային դիւնագիտութեէն խնդրած է լուծել Իրաքի տագնապը։


ԱՄՆի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն եպիսկոպոսական յանձնախումբը, անցեալ 19 յունիս 2014-ին, Ամերիկեան կառավարութենէն խնդրած է` դիւանագիտութեան ճամբով լուծել Իրաքի զինեալ տագնապը, մատնանշելով որ ԱՄՆը յատուկ պատասխանատուութիւն ունի հանդէպ Իրաքեան ժողովուրդին։
Գերապայծառ Ռիչարտ Փադէս` վերոյիշեալ յանձնախումբին նախագահը, նամակ մը յղած է ազգային անվտանգութեան պատասխանատու` Սուզան Ռայսին, խնդրելով որ Ուաշինկթոն իր կարելին ընէ, որպէսզի Իրաքի ազգային ղեկավարները կազմեն ''միութեան կառավարութիւն մը'', այնպէս որ բոլոր քաղաքացիները իրենք զիրենք զգան որպէս հայրենիքին մաս։
Նշենք որ 2006-ին Նուրի ալ Մալիքիի երկրի վարչապետ ընտրութենէն ի վեր, երկրի սիւննիները իրենք զիրենք մեկուսացած կը զգան եւ երկրի հարցերէն հեռու, այս մէկը զանոնք մղեց յարելու Իրաքի իսլամական պետութեան բանակին։
Գերապայծառ Ռիչարտ Փադէս` իր նամակին մէջ ընդգծած է որ ԱՄՆը յատուկ պատասխանատուութիւն ունի Իրաքի ժողովուրդին հանդէպ, քանի ամերիկեան բռնագրաւումը յառաջ բերաւ միջկրօնական ընդհարումներ ու ծայրայեղական շարժումներ, երկու ողբերգական երեւոյթներ, որիոն զոհ գնաց իրաքի ժողովուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.