2014-06-24 08:54:11

Անձնասպանական գործողութիւն մը ցնցեց Լիբանանի Թայեունէ-Շաթիլայի շրջանը


Երկուշաբթի, 23 յունիսի կէս գիշերին, Շաթիլայի շրջանին մուտքին, Թայեունէի մէջ, լիբանանեան բանակի անցարգելի մը մօտ տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը, որ ֆիզիքական եւ նիւթական ծանր վնասներու պատճառ դարձաւ: Անձնասպանական գործողութիւնը տեղի ունեցաւ սրճարանի մը առջեւ, ուր երիտասարդներ կը համախմբուին Մոնտիալի խաղերը դիտելու համար:
Նախնական տուեալներով, անձնասպանական գործողութեան հեղինակը կին մը եղած է: Նախքան գործողութիւնը Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կրակած են ինքնաշարժին ուղղութեամբ: Զոհերու եւ վիրաւորներու առումով հաղորդուեցան իրերամերժ տեղեկութիւններ: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ բանակայիններու շարքերէն զոհեր չկան: «Նաշրա» կայքը առաւօտեան ժամը 1:00-ին հաղորդեց, որ պայթումին պատճառով արձանագրուած են 10 վիրաւորներ, որոնք փոխադրուած են շրջակայ հիւանդանոցները: Անոնք թեթեւ աստիճանի վէրքեր ստացած են: Ըստ Կարմիր խաչին, վիրաւորներուն թիւը 15 է:
Անձնասպանական գործողութեան համար օգտագործուած ինքնաշարժը եղած է «Մերսետես 180» տիպի:







All the contents on this site are copyrighted ©.