2014-06-23 11:55:19

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի, 23 յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց` Գերամնիոյ դաշնակցութեան Պավիերայի անկախ մարզի վարչապետ – նախագահ` Տիար Հորսդ Սիհոֆէր ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը. Սրբազան Հայրը ապա յաջորդաբար ընդունեց` Նիքարակուայի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ֆորդունադուս Նուչուքւու, Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Ռիքարտօ Պլազքես Փերես, ընկերակցութեամբ համահաւաք դասի փոխ նախագահ` գերապայծառ Քարլոս Օսորօ Սիերրայի եւ ընդհանուր քարտուղար` Հայր Խօսէ Մարիա Ժիլ Թամայոսի։ Նորին Սրբութիւնը աապ ընդունեց Պոզէ` համամիութենական հասարակութեան Աբբահայրը` եղբայր Էնցօ Պիանքին եւ Ընտանքի Քահանայապետական խորդհուրդի նախագահը` գերապայծառ Վինչէնցօ Փալիան։

Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ շաբաթ 21 յունիսին, միօրեայ հովուական այցելութիւն կատարեց Իտալիոյ Քալապրիա մարզին, ուր հանդիպումներ ունեցաւ բանտարկեալներու, օրհասներու եւ տարեցներու ու երիտասարդներուն հետ, հովուական այցելութիւնը եզրափակելով ''Մարինա Տի Սիպարիի'' մէջ մատուցած սուրբ պատարաքով­ որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց ''Մաֆիական'' գործունէութիւննը, ու Մաֆիան նկատելով ''չարը պաշտող եւ հասարակաց բարիքը արհամարող'' կազմակերպութիւն։
''Երբ, չպաշտենք զԱստուած. չարին երկրպագուները կը դառնանք, նման անոնց որոնք չարաբարոյութեան եւ բռնութեան մէջ կ՛ապրին։ Մաֆիան ասիկա է` պաշտել չարը եւ արհամարհել հասարակաց բարիքը։ Սոյն չարիքը պէտք է հեռացուի եւ յաղթահարուի։Անոնք որոնք իրենց կեանքին ընթացքին կը հետեւին չարին, նման մաֆիաներուն, Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ չեն. նզովեալ են''։ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Մինչ երէկ` Կիրակի, 22 յունիսին, արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց կանխարգիլելու ՝՝ֆիզիքական տանջանքը՝՝ հրաւիրելով քրիստոնեաները յանձառումով աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։










All the contents on this site are copyrighted ©.