2014-06-23 09:42:38

Չինաստանի մէջ ջրհեղեղէն շուրջ 60 հազար մարդ վնասուած Է։


Lenta.ru կայքը` վկայակոչելով ջրհեղեղներու եւ երաշտի վերահսկումի տեղական ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ կեդրոնական Չինաստանի Հունան նահանգին մէջ շուրջ 57.500 մարդ վնասուած է ջրհեղեղներու պատճառով:
Կը նշուի, որ ջրհեղեղները վնաս հասցուցած են նաեւ բերքին` 4.6 հազար հեկտար տարածքով արտերուն մէջ: Հուայհուա քաղաքին մէջ խաթարուած է փոխադրութեան, ելեկտրականութեան հաղորդման լարերու աշխատանքը, վնասուած են տեղւոյն տուներն ու ջրամբարները:







All the contents on this site are copyrighted ©.