2014-06-23 09:34:59

Մինչ Տահեշ յաւելեալ Քաղաքներ կը գրաւէ. Խամենէի. «Մենք դէմ ենք Իրաքի մէջ Ամերիկեան կամ այլ միջամտութեան»։


Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլահ սէյիտ Ալի Խամենէի կիրակի 22 յունիսին յայտարարեց. «Իրաքի մէջ պատերազմը այդ երկիրը ամերիկեան հովանաւորութեան տակ գտնուիլ ուզողներուն եւ զայն ազատ ու անկախ ուզողներուն միջեւ է»:
«Իրաքի մէջ սադրանքին ետին կը կանգնին Ամերիկան, արեւմտեան մեծ տէրութիւններն ու Իսրայէլը: Մենք դէմ ենք իրաքեան հարցերուն մէջ ամերիկեան որեւէ միջամտութեան եւ կը կարծենք, որ Իրաքի ժողովուրդն ու կրօնական հեղինակութիւնները կրնան սադրանքի կրակը մարել», ըսաւ ան։
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը նաեւ նշեց, որ այն ինչ որ Իրաքի մէջ տեղի կ՛ունենայ, շիիներու եւ սիւննիներու միջեւ պատերազմ մը չէ, այլ Իրաքի մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը հարուածելու համար մեծ տէրութեանց կողմէ նախկին վարչակարգի ու հաւատադրժողականներու գործի լծում:
ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Իրաքի արեւմտեան Անպար նահանգին մէջ գրաւեցին երկու օրուան ընթացքին չորրորդ քաղաքը` Ռութպան, որ Յորդանանի հետ սահմանէն 150 քիլոմեթր արեւելք կը գտնուի: Անոնք նախապէս գրաւած էին Սուրիոյ հետ սահմանային անցք մը, որ կը գտնուի Քայիմ քաղաքին մօտ` միօրեայ բախումներու ընթացքին սպաննելով 30 զինուորներ: Ըստ ըմբոստներուն, բանակայինները լքած են իրենց շրջանային հրամանատարութեան կեդրոնը, զօրանոցներն ու զէնքերը եւ փախուստի դիմած:
Շաբաթ օր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները գրաւած էին Եփրատի հունին վրայ գտնուող Ռաուա եւ Անահ քաղաքները:
Իրաքեան զինեալ ուժերու բանբեր Քասեմ Աթա յայտարարեց, որ Իրան Իրաքի վերադարձուցած է 20 տարի առաջ գրաւած 130 իրաքեան զինուորական օդանաւերը` զանոնք օժտելէ ետք արդիական զէնքերով: Աթա նշեց, որ այդ օդանաւերը պիտի մասնակցին Մուսուլը ազատագրելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղուելիք ճակատամարտին:
Յիշեցնենք, որ Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգը ամերիկեան ուժերու Իրաք ներխուժման ընթացքին իր զինուորական օդանաւերը բնաջնջումէ փրկելու համար յանձնած էր Իրանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.