2014-06-23 09:31:43

Լաւրով Քերրիի հետ կը քննարկէ Ուքրանիոյ, Իրաքի եւ Սուրիոյ կացութիւնները։


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ամերիկացի իր պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ քննարկեց Ուքրանիոյ կացութիւնը: Անոնք համաձայնեցան հարաւարեւելեան Ուքրանիոյ մէջ բռնարարքները կասեցնելու միջազգային ջանքերու ծիրին մէջ խորհրդակցութիւնները շարունակել:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի յայտարարած «խաղաղութեան ծրագիր»-ի ծիրին մէջ Ուքրանիոյ կացութիւնը:
Լաւրով նշած է, որ առանց զինուորական գործողութեանց ամբողջական դադրեցման եւ ամբողջական զինադադարի յայտարարութեան, իսկ աւելի կարեւորը` ուքրանական իշխանութիւններու ուղղակի բանակցութիւններու սկսելուն կարելի չէ ներքին տագնապին հանդարտեցման հասնիլ:
Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Երկու նախարարները խոր մտահոգութիւն յայտնած են շրջանին մէջ ահաբեկչական սպառնալիքի աճին նկատմամբ: Անոնք նաեւ անդրադարձած են սուրիական քիմիական զէնքերու վնասազերծման գործողութեան աւարտի հարցերուն:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել քննարկած են Ուքրանիոյ կացութիւնը եւ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու հաւանական հաստատումը:
Սպիտակ տունը հրապարակելով յայտարարութիւն մը նշած էր, որ «անոնք համաձայնած են, որ Ուքրանիոյ արեւելքի իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ Ռուսիոյ կողմէ շօշափելի քայլեր չձեռնարկուելու պարագային, Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը յաւելեալ քայլերու պիտի ձեռնարկեն այդ երկրին դէմ»:
Օպամա Ուքրանիոյ հարցը քննարկած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Երկու ղեկավարները Ռուսիոյ կոչ ուղղած են` արեւելեան Ուքրանիոյ անջատողականները համոզելու դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները:
Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ երէկ խոստացաւ երկրին արեւելեան շրջաններուն յաւելեալ ինքնավարութիւն տալ, ինչպէս ուքրաներէնին կողքին ռուսերէնը օգտագործելու իրաւունքը, շրջաններու ղեկավարները նշանակելու իրաւունքը: Ան պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին նաեւ խոստացաւ, որ Քիեւ պիտի հրաժարի այդտեղի քաղաքապետութեանց համար հաւաքուող տուրքերէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.