2014-06-23 10:20:41

Թուրքերը Կիլիկիոյ տարածքին մէջ եկեղեցի եւ գերեզմաններ յայտնաբերած են։


Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քարաման նահանգին մէջ գտնուող Ղարատաղի (Կիլիկիոյ տարածք) գիւղերէն մէկուն մէջ աշխատանքներու ընթացքին եկեղեցի եւ գերեզմաններ յայտնաբերուած են:
Նահանգապետարանի եւ նահանգի մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան վարչութեան մասնագէտները ուսումնասիրած են տեղեկութիւնը:
«Իբրեւ «Հազար ու մէկ եկեղեցիներու տարածք» յայտնի այս վայրը 4-րդ եւ 9-րդ դարերուն քրիստոնէութեան կարեւոր կեդրոններէն եղած է: Առաջին անգամ Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարիներուն այստեղ պեղումներ սկսած են: Մեր նպատակն է այդ ժառանգութիւնը ուղղել զբօսաշրջութեան զարգացման: Այստեղ աշխատանքները շարունակելու եւ այլ, շուրջ 40 եկեղեցիները զբօսաշրջութեան վերաբանալու համար նիւթական լուրջ աղբիւրներու կարիքը կայ: Յոյսով ենք, որ օգնութիւնները պիտի շարունակուին, եւ աշխատանքները աւարտին պիտի հասցնենք», ըսած է Քարամանի նահանգապետը:








All the contents on this site are copyrighted ©.