2014-06-23 11:47:13

Արեւելեան Եկեղեցիներու ի նպաստ ''Ռոաքօ'' բարեսիրական մարմիններու 87-րդ ժողովը` 23-26 յունիս 2014։


Յայտագիրը կ՛ընդգծէ Ռումանիոյ, Ուկրանիոյ, Սուրիոյու Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն օժանդակութիւններ։

Երկուշաբթի, 23 յունիս 2014-ի` յետմիջօրէին սկիզբ կ'առնէ ''ROACO-ի''` Արեւելեան Եկեղեցիներու ի նպաստ բարեսիրական մարմիններու 87-րդ լիանիստ ժողովը։
87-րդ լիանիստին յայտագիրը մասնաւորապէս պիտի կեդրոնանայ Ռումանիոյ եւ Ուքրանիոյ եկեղեցական կառոյցներու հզօրացումին եւ աւետարանացումի հովուութեան։Նիստերու ընթացքին պիտի շօշափուի նաեւ Սուրիոյ հարցը որուն ողբալի կացութեան մասին խօսք պիտի առնեն. Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Զենարի եւ Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի Քարիթասի պատասխանատու` Տիկ Րոզէթ Հէշայմէ։ Ինչպէս ամէն ժողովին, պիտի ուսումնասիրուի նաեւ Ս. Երկրի քրիստոնեաներու կացութիւնը։
Երեքշաբթի առաւօտուն ժողովականները պիտի այցելեն ''ROACO-ի'' կազմաւորումի մէկ կեդրոնը մինչ յետմիջօրէին` ս. Պետրոսի Պազիլիքայի ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի նուիրուած խորանին վրայ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը` կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, կը գլխաւորէ համապատարագը, ժողովին աշխատանքները յանձնելով ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի բարեխօսութեան, Ինք որ իր երկար քահանայապետութեան ընթացքին յաճախ պաշտպանը հանդիսացած է քրիստոնեայ արեւելքին։ Կարտինալը նաեւ յատուկ աղօթք պիտի բարձրացնէ Արեւելեան Եկեղեցւոյ ողջ եւ հանգուցեալ բարերարներուն դիտաւորութեան։
Հինգշաբթի 26 յունիսին նախատեսուած է` ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ժողովականներու հանդիպումը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.