2014-06-22 13:04:35

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։ Կոչ կանխարգիլելու ՝՝ֆիզիքական տանջանքը՝՝


Կիրակի, 22 յունիսի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ աւանդական Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.
''Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր'', ըսաւ Սրբազան Հայրը, ''այսօր՝ Իտալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, կը տօնակատարուի Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան տօնը։ Եկեղեցւոյ հասարակութիւնը կը համախմբուի Սուրբ Հաղորդութեան շուրջ, պաշտելու համար Յիսուսի՝ մեզի թողած ամէնէն թանկագին գանձը''։ Նորին Սրբութինը, ապա մէջբերեց Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած Յիսուսի խօսքերը. ''Ես եմ կենդանի հացը, իջած երկինքէն։ Այս հացը կերողը յաւիտեան կ՛ապրի։ Եւ հացը զոր ես պիտի տամ, իմ մարմինս է, կեանք՝ աշխարհի ( Յովհ 6, 51)''։ ''Յիսուս սոյն խօսքերով կ՝ընդգծէ, թէ Ան չեկաւ աշխարհ, բան մը տալու համար այլ՝ իր կեանքը շնորհեց, որպէս սնունդ բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան Իրեն'', հաստատեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու աւելցուց`''ամէն անգամ, որ կը մասնակցինք Սուրբ Զոհին կը սնանինք Յիսուսի մարմնով։ Յիսուս եւ Սուրբ Հոգին կը ներգործեն մեր մէջ, եւ մենք Աւետարանի համաձայն կ՝ապրինք։ Սրտաբաց Քրիստոսի Սէրը ընդունիլը , մեզ կը կերպարանփոխէ, կարող կը դարձնէ սիրել ոչ թէ մարդկային սահմանափակ` այլ Աստուծոյ անսահաման չափանիշով։ Ուրեմն, ըսաւ Ֆրանչիկսոս Պապը, այսպէս ընելով է, որ կը կարողանանք սիրել, նոյնիսկ՝ անոնք որոնք մեզ չեն սիրեր, կը դիմագրաւենք չարը բարիով''։
Յիսուսի եւ Սուրբ Հոգիին շնորհիւ, մեր կեանքը կը վերածուի բեկանուած հաց՝ մեր եղբայրներուն համար։ Այսպէս ապրելով կը գտնենք իսկական ուրախութիւնը։ Ուրախութիւնը՝ նուիրուելու եւ կիսելու այն մեծ պարգեւը զոր ստացած ենք անարժանաբար։
Պատգամը եզրափակելով Ֆրանչիկսոս Պապը ըսաւ. ''Շնորհիւ Տիրամօր հաւատքին, Յիսուս՝ Յաւիտենական հացը, իջաւ երկինքէն եւ մարդեղացաւ։ Սուրբ Կոյս Մարիամը, հաւատարիմ գտնուեցաւ Յիսուսին մինչեւ խաչ ու ապա Յարութիւն։ Խնդրենք Անորմէ, որ օգնէ մեզի վերագտնելու համար Սուրբ Հաղորդութեան գեղեցկութիւնը , եւ Զայն զետեղենք մեր կեանքի որպէս կեդրոն։
Նորին Սրբութինը ապա արտասանեց Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքը եւ յաւարտ աղօթքին Ան կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, որուն մէջ ըսաւ. ''Յառաջիկայ 26 յունիսին, կը նշուի ՄԱԿի կողմէ հաստատուած ''Ֆիզիքական տանջանքի զոհերու օրը''։ Այս առիթով, խստիւ կը դատապարտեմ այդպիսի արարքներ եւ կը հրաւիրեմ բոլոր քրիստոնեաները յանձնառու կերպով գործելու ՝՝Ֆիզիքական տանջաքի՝՝ կանխարգիլման ի խնդիր ու համագործակցելու եւ աջակցելու զոհերու ընտանիքներուն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.