2014-06-22 10:17:54

Ֆրանչիկսկոս Քահանայապետի քարոզը ''Մարինա Տի Սիպարիի'' մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։ ՝՝Մաֆիան նզովեալ ըլլայ՝՝


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Իտալիոյ Քալապրիա մարզի կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, շաբաթ, 21 յունիսի յետմիջօրէին ժամը 4- ին, ժամանեց ''Մարինա Տի Սիպարի'' քաղաքը, ուր աւելի քան 200 հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ մատուցեց Սուրբ եւ անմահ Պատարագը։ Սրբազան արարողութենէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց «Casa serena» կոչուած ծերանոցը։
''Մարինա Տի Սիպարի''ի մէջ, Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնակատարութեան իմաստի մասին՝ մատնանշելով, թէ Երկինքէն իջած հացը յաւիտենական կեանքի անօթութեան յագեցումն է։
''Այս տօնին առթիւ, Եկեղեցին, կը փառաբանէ Տէրը, մեզի պարգեւած Սուրբ Հաղորդոթեան շնորհքին համար'' ըսաւ Քահանայապետը եւ ակնարկեց տօնին առթիւ կատարուած աւանդական Սուրբ Հաղորդութեան թափօրին հաստատելով թէ` ''Ամենէն առաջ` մենք ժողովուրդ մըն ենք որ Աստուած կը պաշտէ. Աստուած որ սէր է եւ Յիսուս Քրիստոսով ինքզինք զոհեց, խաչին վրայ, մեր փրկութեան համար։ Մենք ասկէ զատ ուրիշ Աստուած չունինք եւ այսօր զայն կը դաւանինք մեր հայեացքը ուղղելով դէպի Սուրբ Հաղորդութիւնը ու այս հաւատքի դաւանանքով կը հրաժարինք սատանայէն եւ անոր բոլոր փորձութիւններէն՝ դրամասիրութենէն, սնապարծութենէն եւ ամբարտաւանութիւններէն։
Երբ Տիրոջ պաշտամունքը փոխարինուի դրամի պաշտամունքով, դէպի մեղքի, անձնական շահերու եւ հարստահարութեան՝ ճանապարհը կը բացուի։
Երբ, չպաշտենք զԱստուած. չարին երկրպագուները կը դառնանք, նման անոնց որոնք չարաբարոյութեան եւ բռնութեան մէջ կ՛ապրին։ Ձեր գեղեցիկ քաղաղքը կը ճանչնայ հետեւանքները եւ նշանները սոյն մեղքին։ Մաֆիան ասիկա է`պաշտել չարը եւ արհամարհել հասարակաց բարիքը։ Սոյն չարիքը պարտի հեռացուիլ եւ յաղթահարուիլ։
Եկեղեցին որ յանձնառու է խիղճերու դաստիարակութեամբ, պարտաւոր է դեռ շատ աւելիով գործել, որպէսզի բարին գերիշխէ ։
Այս մէկը մեզմէ կը խնդրեն ՝ յոյսի կարիքը ունեցող մեր երիտասարդները։Որպէսզի կարենանք համապատասխանել անոնց , հաւատքը կրնայ օգնել մեզի։
Անոնք որոնք իրենց կեանքին ընթացքին կը հետեւին չարին՝ մաֆիաներու նման,
Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ չեն. նզովեալ են։
Մենք քրիստոնեաներս – շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը - այս աշխարհի մէջ չենք ուզեր պաշտել Քրիստոսէ զատ ուրիշ Աստուած մը, Քրիստոս՝ որ ներկայ է Սուրբ Հաղորդութեան մէջ։ Խնդրենք Տիրոջմէ, որ լուսաւորէ եւ դարձի բերէ մեզ, որպէսզի կարենանք ճշմարտապէս պաշտել Զինքը եւ հրաժարիլ սատանայէն։
Հացի եւ գինիի կերպարանքներուն մէջ Քրիստոսի ներկայութեան մեր դաւանանքը` որպէս Ճշմարիտ Աստուած եւ Ճշմարիտ Մարդ, վաւերական է եթէ մենք յանձնառու ըլլանք ընթանալու Քրիստոսի հետ, ջանալով գործնական կերպով կատարել Անոր մեզի թողած պատուէրը ՝ ''Ինչպէս ես ձեզի սիրեցի, այնպէս ալ դուք զիրար սիրեցէք''։
Որպէս Հռոմի եպիսկոպոս, - շարունակեց Քահանայապետը - այսօր, հոս եկած եմ, ձեզ հաստատելու ոչ թէ միայն հաւատքով այլ եղբայրասիրութեամբ, ու նաեւ ձեզի ընկերանալու եւ քաջալերելու ձեր ուղեւորութիւնը, Սէր Յիսուսին հետ։ Ան ապա աջակցութիւն յայտնեց թեմի եպիսկոպոսին, կղերական դասին, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն, ու Քալապրիա շրջանի բոլոր հաւատացեալներուն, զանոնք խրախուեսլով առաջնահերթ նկատելու աղքատներու եւ կարիքաւորներու պահանջները ու պահանջներն անոնց որոնք կարիքը ունին արդարութեան, յոյսի եւ քնքշութեան։
Իր քարոզի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն անոնց յանձնարարելով ''չթողուլ որ իրենցմէ խլուի յոսը'', ու ''բարիին, ճշմարիտին եւ գեղեցիկին ուժով, կարենան դիմադրել չարին, բռնութեան եւ անարդարութիւններուն''։
Սրբազան Քահանայապետը քարոզը եզրափակեց ըսելով` Տիրոջ Մարմինը մեզ համախմբեց միասին, որպէս մէկ ընտանիք` Աստուծոյ ժողովուրդը հաւաքուած Յիսուսին շուրջ` որ է կեանքի հացը։ Եթէ պաշտէք Քրիստոսը եւ ընթանաք Անոր ետին, ձեր թեմի եկեղեցին եւ ժողովրդապետութիւնները պիտի աճին հաւատքի, սիրոյ եւ աւետարացումի ուրախութեան մէջ։
Թող Տիրամայրը ձեզի ընկերանայ ու ձեզ օգնէ` ձեր վկայախօս կեանքին մէջ ու Տէրը կեանք պարգեւէ համայն աշխարհին։ Ամէն։
Սրբազան արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հրաժեշտ առաւ Քալապրիայէն եւ ինքնաթիռով վերադարձաւ Վատիկան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.