2014-06-21 13:02:08

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը ''Cassano all’Jonio'' թեմին հիւանդներուն, երիտասարդներուն եւ կղերական դասին հետ։


ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, շաբաթ 26 յունիսին, հարաւային Իտալիոյ Քալապրիա մարզի ''Cassano all’Jonio'' թեմին կատարած հովուական այցելութեան երկրորդ հանգրուանը հանդիսացաւ ''Քասսանօ Ալ Իոնիոյի'' օրհասներու խնամակալութեամբ զբաղող «San Giuseppe Moscati» կեդրոնը, ուր Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ կեդրոնի մէջ խնամուող հիւանդներուն եւ կեդրոնի անձնակազմին հետ։ Ան ապա փոխադրուեցաւ ''Քասսանօ Ալ Իոնիոյի'' աթոռանիստ եկեղեցի` ուր հանդիպում ունեցաւ ''Քասսանօ Ալ Իոնիոյի'' թեմին կղերական դասին հետ, ու հանդիպումի աւարտին, Յովհաննէս Պօղոս Ա-ի անուան նորընծայարանին մէջ, եղբայրական ճաշը բաժնեկցեցաւ թեմական Քարիթասի աղքատներուն եւ դժուար կացութեան մէջ ապրող երիտասարդներու ընկերակցութեամբ։
Կղերական դասին ուղղած իր ճառին մէջ, Քահանայապետը ըսաւ` ''Ամենէն առաջ կ՛ուզեմ ձեր հետ կիսել քահանայ ըլլալու ուրախութիւնը։ Յիսուսի հետեւելու կոչը, Անոր ետեւէն քալելու համար ու Զայն տանելու ուրիշներուն, տանելու` Անոր Խօսքը եւ Անոր ներումը...։Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց աղօթքի կարեւորութեան որուն միջոցաւ ''կարելի է հասկնալ եթէ կ՛ընթանանք մեր կոչումի ճանապարհով''։
''Երկրորդ` - ըսաւ Սրբազան Հայրը - կ՛ուզեմ ձեր հետ կիսել եղբայրակցութեան գեղեցկութիւնը, միասին ըլլալ ու հետեւիլ Տիրոջ, անձնականութիւններու եւ ձիրքերու զանազանութեան մէջ'', ու ակնարկեց հաւաքական կեանքի դժուարութիւններուն ու հովուական առաքելութեան կեանքին մէջ Աստուածոյ հետ հաղորդութեան կարեւորութեան ինչպէս նաեւ կղերի միութեան, որուն ընդմէջէն – ըսաւ Ան - ի յայտ կու գայ թէ մենք Յիսուսի աշակետներ ենք, ինչպէս ըսաւ նոյնինքն Յիսուս` ''Ամէնքը ձեզ պիտի ճանչնան իբրեւ իմ աշակերտներս, եթէ դուք զիրար սիրէք''։
Քահանայ ըլլալու ուրախութեան եւ եղբայրակցութեան գեղեցկութեան կից, կ՛ուզեմ ձեզ քաջալերել գործելու ընտանիքներուն հետ եւ ընտանիքներուն ի սպաս։ Առաքելութիւն մը` որ Տէրը մեզմէ կը պահանջէ, որովհետեւ ընտանիքը տագնապի մէջ է ու մենք կանչուած ենք ըլլալու վկաներ եւ միջնորդներ Աստուծոյ մօտիկութեան, մանաւանդ այս դժուար պահերու ընթացքին։
Սիրեի եղբայրներ – ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքի աւարտին - շնորհակալութիւն. Յառաջ ընթացէք ոգեւորուած Տիրոջ միասնական սիրով, թող Տիրամայրը ձեզի ըլլայ պահապան ու ձեզի ընկերանայ։ Աղօթքի միութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.