2014-06-21 08:28:15

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Իտալիոյ Քալապրիա մարզին մէջ ուր կը գերիշխէ '''նտրանկթա'' կոչուած մաֆիան։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, շաբաթ, 21 Յունիսի առաւօտեան ժամը 7.30-ին, մեկնեցաւ Իտալիոյ Քալապրիա մարզ ուր տասը ժամ տեւող հովուական այցելութիւն կը կատարէ հարաւային Իտալիոյ ''Cassano all’Jonio'' թեմին։
Նորին Սրբութիւնը, այս առթիւ, հանդիպումներ կ՛ունենայ ''Քասթրովիլլարի'' բանտին բանտարկեալներուն, անձնակազմին ու անոնց պարագաներուն հետ, ապա կ՛այցելէ ''Cassano all’Jonio'' օրհասները խնամող «San Giuseppe Moscati» կեդրոնը հուսկ հանդիպում կ'ունենայ թեմի կղերական դասին հետ։
Կէսօրին Ան կը ճաշէ թեմական Քարիթասի աղքատներուն եւ դժուար պարագաներու մէջ ապրող երիտասարդներուն ընկերակցութեամբ, թեմի` Յովհաննէս Պօղոս Ա-ի անուան նորընծայարանին մէջ։ Իսկ յետմիջօրէին, կ'այցելէ «Casa serena» կոչուած ծերանոցը որմէ ետք կ՛ուղղուի Սիպարի ծովեզերեայ քաղաքը ուր կը նախագահէ բացօթեայ ս. Պատարագի զոհը, որուն աւարտին կը վերադառնայ Վատիկան։







All the contents on this site are copyrighted ©.