2014-06-21 08:44:10

Քեսապի Հայկական վարժարաններու նորոգութեան համար՝ 50 հազար եուրօ։


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին կողմէ 50 հազար եուրօ տրամադրուած է՝ Քեսապի գրաւման ընթացքին նիւթական վնասի ենթարկուած վարժարաններու վերանորոգման համար:
Ըստ Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ նուիրատուութեան սոյն գումարը պիտի փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որ իր կարգին՝ զայն պիտի փոխանցէ առ որ անկ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.