2014-06-21 10:09:11

Վատիկանը կը պատրաստուի հրապարակելու ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հայող աշխատանքային թղթածրարը։


Յառաջիկայ 26 յունիս 2014-ին, լոյս պիտի տեսնէ ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարը։
Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի բնաբանն է ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները, աւետարանութեան ծիրէն ներս'', եւ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր 5-էն 19ը Վատիկանին մէջ ։
Հինգշաբթի 26 Յունիսին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ վերոյիշեալ սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարի ներակայացումը զոր պիտի կատարեն.
Կարտինալ Լորէնցօ Պալտիսսէրի` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը, Սիւնհոդոսի նախագահ Փարիզի առաջնորդ` կարտինալ Անտրէ Վէն Թրուա, սիւնհոդոսի ընդհանուր տեղեկատու` Պուտաբեշտի առաջնորդը կարտինալ Փիդէր Էրտօ եւ սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղար` գերապայծառ Պրունօ ֆորդէ` Իտալիոյ Քիեթի թեմի առաջնորդը։
Մամլոյ աուսլիսի ընթացքին պիտի ներկայացուի թղթածրարի պարունակութիւնը հիմնուած` Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղուած հարցարանին պատասխաններուն վրայ ինչպէս նաեւ սիւնհոդոսի ընթացքին շօշափուելիք գլխաւոր նիւթերը, ինչպէս` խառն ու միջկրօնական ամուսնութիւնները, բազմակնութիւնը, առանց յանձնառումի ամուսնութիւնը, ամուսնալուծուածներու եւ վերամուսնացածներու կացութիւնը, միեւնոյն սեռի միջեւ ամուսնութիւնը, մամուլին ազդեցութիւնը ժողովրդային մշակոյթի վրայ հայող ամուսնութեան ու ընտանեկան կեանքին, վարցու մայրերը, մարդու իրաւունքի նոր մեկնաբանութիւնները։







All the contents on this site are copyrighted ©.