2014-06-21 08:36:14

Մարոնի Եպիսկոպոսական Սիւնհոտոսը նախագահական Աթոռին թափուր մնալը Լիբանանի համար վտանգաւոր նկատեց


Մարոնի համայնքի եպիսկոպոսական Սիւնհոտոսը աւարտեց իր աշխատանքները` շեշտելով, որ հանրապետութեան նոր նախագահ մը չընտրելը սահմանադրութեան դէմ է, ինչպէս նաեւ կը հակադրուի Ազգային ուխտին: Սիւնհոտոսը նախագահական աթոռին թափուր մնալը Լիբանանի համար վտանգաւոր նկատեց:
Եպիսկոպոսները մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Ս. Հողեր այցելութիւնը նկատեցին յուսադրիչ այն լիբանանցիներուն համար, որոնք Իսրայէլի մէջ կը գտնուին:
Անոնք կոչ ուղղեցին միջազգային ընտանիքին օժանդակելու Լիբանանին, ուր աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներ կան:
Միւս կողմէ, նախագահական ընտրութիւններուն առումով, Մարոնիներու լիկան նոր շարժումներ պիտի որդեգրէ` միջմարոնիական համախոհութիւն գոյացնելու նպատակով:







All the contents on this site are copyrighted ©.