2014-06-20 12:17:15

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը ՝ ''International Drug Enforcement'' ժողովի մասնակիցներուն։


Յունիս 17-էն 19, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ ''International Drug Enforcement Conference''ի
''վերջ տալ թմրեցուցիչի վաճառքի ֆինանսաւորումներու կառոյցներուն'' նիւթով, 31րդ գիտաժողովը որուն մասնակցեցան 129 երկիրներէ ժամանած պատուիրակներ։
Ուրբաթ 20 յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց ժողովականներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած իր ճառին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը գնահատանք յայտնեց անոնց տածած դժուարին աշխատանքներուն, որոնք կը դիմագրաւեն ժամանակակից աշխարհի ամէնածանր հարցերէն մին՝ պայքարիլ ընդդէմ թմրեցուցիչի օգտագործութեան։
Ակնարկելով աշխարհի զանազան երկիրներիու մէջ թմրեցուցիչի տարածումին, Սրբազան Հայրը ցաւ ու մտահոգութիւն յայտնեց ի տես նման երեւոյթին որ հետզհետէ առ աւելի կը սպառնայ երիտասարդներուն։ ՝՝կ՛ուզեմ յստակօրէն ըսել. թմրեցուցիչը՝ չյաղթահարուիր թմրեցուցիչի օգտագործութեամբ. թմրեցուցիչը չարիք մըն է , չարին հետ կարելի չէ յարմարիլ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ազդարարեց '' ոչ որեւէ թմրեցուցիչի օգտագործման''։
Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ ՝՝Եկեղեցին հաւատարիմ գտնուեցաւ Քրիստոսի հրաւէրին, երթալ ամենուրէք, հոն ուր կը գտնուին սովահար եւ տառապանքի մէջ ապրող մարդիկ։ Եկեղեցին –ըսաւ Ան - չլքեց թմրամոլութենէ տառապող անձերը, անոնց մօտ է՝ բարեսիրական հաստատութիւններու եւ կամաւորներու միջոցաւ, անոնց ձեռքերը բռնած է ու կ՛օգնէ զանոնք վերագտնելու համար իրենց արժանապատուութիւնը, իրենց տաղանդները, որոնք թաղուած են թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ։
Շատ մը երտասարդներու օրինակը, որ թմրամոլութեան դէմ պայքարելով կը փափաքին իրենց կեանքը յանձնառութեամբ վերակառուցել, խթան մըն է աւելի վստահութեամբ նայելու ապագային ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառի աւարտին քաջալերելով ժողովականները ''մեծ յոյսով յարատեւելու իրենց գործունէութեան մէջ'' ու ապա անոնց տուաւ իր Հայրապետական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.