2014-06-20 13:09:43

''Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ մեր սիրտը ազատ պահել դրամի, ունայնութեան եւ իշխանասիրութենէն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր 20 Յունիսին արտասանած քարոզին մէջ։


Ուրբաթ, 20 Յունիս 2014-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանին մէջ նշուած` Յիսուսին մեզի տուած հետեւեալ խրատին վրայ` ''գանձեր մի դիզէք ձեզ համար երկրի վրայ''։
Յիսուս – ըսաւ Քահանայապետը - երեք գանձերու մասին կը խօսքի` Ոսկի, դրամ եւ հարստութիւն. Ունայնապաշտութիւնը եւ իշխանապաշտութիւն։ Եթէ մեր գանձը դրամի, ունայնութեան, իշխանութեան եւ հպարտութեան մէջ է, մեր սիրտը կաշկանդուած է եւ ստրուկ է հարստութիւններուն, սնապարծութեան եւ ունայնութեան։ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ ազատ սիրտ մը ունենալ։ Ազատ` դրամէն, ունայնութենէն եւ իշխանասիրութենէն'', Ահա այս է այսօրուայ պատագմը` ''ազատ պահել մեր սրտերը'' ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց ''ազատ սիրտ կարելի է ունենալ միայն երկնային գանձեր դիզելով` սէր, համբերութիւն, ծառայութիւն եւ Աստուածպաշտութիւն։ Ասոնք են իսկական գանձերը որ ոչ մէկը կրնայ կողոպտել։ Միւս բոլոր գանձերը սրտերը կը կաշկանդեն ու զայն ստրուկ կը դարձնեն։ Եւ ստրուկ սիրտ մը` լուսաւոր չի կրնար ըլլալ։ Մինչ ազատ սիրտ մը` լուսաւոր է եւ ուրիշները կր լուսաւորէ ու ցոյց կու տայ դէպի Աստուած առաջնորդող ճանապարհը։
Թող Աստուած մեզի պարգեւէ հոգեւոր խոհեմութիւնը, հասկնալու համար թէ ո՞րն է իմ սրտիս բարիքը ու հակառակ պարագային թող Աստուած մեզի ուժ պարգեւէ ձերբազատուելու մեր սիրտը կաշկանդող շղթայներէն, որպէսզի դառնայ ազատ եւ լուսաւոր, ու մեզի շնորհէ` Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու ուրախութիւնը որ է` իսկական ազատութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.