2014-06-20 09:48:44

Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակը այցելեց Արամ Ա Կաթողիկոսը։


Հինգշաբթի, 19 Յունիս 2014-ին, Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ` գերապայծառ Կապրիէլէ Գաչեայ` այցելեց Արամ Ա Կաթողիկոսը, անոր բարի գալուստ մաղթելու Վատիկանէն վերադարձին առիթով: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու Վատիկանի մէջ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած հանդիպումներուն Սրբազան Քահանայապետին և պատասխանատու Կարտինալներուն հետ:
խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ շրջանէն ներս ստեղծուած կացութիւնը ու անոր հետեւանքները քրիստոնեայ համայնքներուն վրայ: Հանդիպման ընթացքին ուշադրութեան յատուկ նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.