Իրաքեան կառավարական ուժերը եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կը շարունակեն երկրին քարիւղի մեծագոյն
հանքին` Պայիժիի վերահսկողութեան համար ճակատամարտը: Իրաքեան բանակէն բանբեր մը յայտնեց,
որ բանակը յաջողած է ետ մղել զինեալներուն իրերայաջորդ յարձակումները: Ան հերքեց, որ
քարիւղի հանքը գրաւուած է, սակայն կարգ մը աշխատաւորներ յայտնեցին, որ զինեալները գրաւած
են անոր մեծամասնութիւնը եւ կառավարական ուժերը կեդրոնացած են հանքի աշխատանքի կառավարման
սենեակին շուրջ: Երկրին սպառած վառելանիւթի մեծամասնութիւնը մատակարարող հանքին շուրջ
ընթացող ճակատամարտը յառաջացուցած է այն մտավախութիւնը, որ Իրաք շուտով կրնայ վառելանիւթի
պակաս եւ ելեկտրականութեան անջատումներ դիմագրաւել: Մինչ այդ, ոստիկանութիւնը «Պի.Պի.Սի.»-ին
յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Քերքուքի հարաւը գտնուող Պայշիր գիւղը գրաւած են` սպաննելէ
ետք 13 ոստիկաններ եւ փեշմերկաներ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն
Քերրի երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի համար Իրաքի մէջ
բոլոր ընտրանքները տակաւին սեղանի վրայ են, բացի ցամաքային ուժերու օգտագործումէն: Ան
նշեց, որ Ուաշինկթընին հետաքրքրողը Իրաքի ժողովուրդն է եւ ոչ թէ վարչապետ Նուրի Մալիքին: Մինչ
այդ, Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի զգուշացուց, որ ամերիկեան բանակը
տակաւին գործի լծուելու համար բաւարար տեղեկութիւն չունի: Ան քոնկրեսական ունկնդրութեան
մը ընթացքին ընդգծեց, որ օդուժի օդաչուները դժուարութիւն պիտի ունենան ճշդելու, թէ որո՛ւն
կը հարուածեն: