2014-06-20 09:44:39

Արցախի մէջ զբօսաշրջութիւնը կը զարգանայ


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զբօսաշրջային շուկան ամէն տարի կ’ընդլայնուի: Նոյնիսկ նախորդ տարուան համեմատ զբօսաշրջիկներու թիւը աւելցած է, ինչպէս նաեւ աւելցած են առաջարկուող զբօսաշրջային վայրերու թիւն ու բարելաւուած մատուցուող ծառայութիւններու որակը: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի “Ապառաժ” պարբերականը։
Եթէ 3-4 տարի առաջ զբօսաշրջիկները կ’այցելէին միայն Շուշի, Ստեփանակերտ, լաւագոյն պարագային` Ամարաս ու Գանձասար, այսօր նաեւ կ’այցելեն Տիգրանակերտի պատմամշակութային հնագիտական արգելոց, Տողի մելիքներու ապարանք-արգելոց, ուր Յուլիս 1-էն հնարաւոր կ’ըլլայ դիտել նաեւ Ղարաբաղի 1000-ամեայ անխափան պետականութեան վկայութիւնները:
Ամենակարեւորը զբօսաշրջային միջազգային ցուցահանդէսներուն մասնակցիլն է. 100 երկիրներէ մասնակցող 1000-աւոր ընկերութիւներու կողքին իբրեւ առանձին երկիր կը միանայ նաեւ ԼՂՀ-ն: Այս մէկը ճանաչում կը բերէ երկրին եւ կը կատղեցնէ Ատրպէյճանը:
Համացանցով եւ առանձին ցուցադրութիւններով տարածուող գովազդային հոլովակններն ու տպագիր գրականութիւնը նոյնպէս կ’օգնեն զբօսաշրջութեան զարգացման
«Եթէ 5 տարի առաջ Արցախ էին ժամանում միայն սփիւռքահայեր, ապա հիմա մենք ունենք օտար զբօսաշրջիկների մի ստուար զանգուած”. կը նշէ ԼՂՀ ԿԱ զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանման վարչութեան պետ Սերգէյ Շահուերդեան








All the contents on this site are copyrighted ©.