2014-06-19 08:26:11

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած Ընտանիքի'


Անհաւատարմութիւնը։
Ամուսնական կեանքի կամ ընտանիքի Երկրորդ գլխաւոր ցաւերէն մին կը համարուի անհաւատարմութիւնը ։ Այո, հիմնական եւ գլխաւոր խնդիրներէն մէկն է հայ ընտանիքին, եթէ ոչ ամէնացաւալին։ Ամէնքս ալ կը խօսինք անհաւատարմութեան մասին իբրեւ սովորական երեւոյթ մը, որ մեզ չի հետաքրքրեր, մանաւանդ այրերու մօտ, որովհետեւ գլխաւոր Անհաւա տարմութիւնը, կը վերագրուի միայն Կին արարածին դէմ, իսկ այր մարդու անհաւատար մութիւնը, բնական երեւոյթ կը նկատուի, նոյնիսկ իրաւունք։ Երկու չափ, երկու կշիռ։ “Աստուած ի սկզբանէ Այր եւ կին ստեղծեց զանոնք” եւ օրհնելով զիրենք, պարտակա նութիւններ դրաւ անոնց վրայ առանց խտրականութիւն դնելու երկու արարածներու միջեւ “այլեւս երկու չեն այլ մէկ մարմին” Աւետարանիչը կ՛ըսէ։ իսկ Ս. Պօղոս՝ Քրիստոսի առաքեալը կ՛ըսէ “Դուք բոլորդ որ ի Քրիստոս մկրտուեցաք, Քրիստոսը զգեցած էք, ուստի չկայ խտրութիւն ո՛չ հրեայի եւ ո՛չ հեթանոսի…ո՛չ արուի եւ ո՛չ էգի. Որովհետեւ ամէնքդ մէկ էք ի Քրիստոս Յիսուսու” (Գաղտ. գ, 27-29) ։ Ուստի անհաւատարմութեան յանցանքը հաւասար կերպով կը դատապարտէ երկու ամուսինները։
Մեր դիտաւորութիւնը սակայն մարդ դատապարտել չէ եւ ո՛չ ալ դատել, այլ ամուսիններուն անդրադարձնել դատողութեան սխալ ընթացքը, որ դարձած է բնականոն կենցաղ մեր հասարակութեան մէջ եւ ուղղել։ Անդրադարձնել դժբախտ իրողութիւնը, որուն զոհերը մեր զաւակներն են։ Եթէ անհաւատարմութեան մասին կը խօսինք, սէրէ մղուած կը գործենք, գտնելու համար միջոցը վերականգնելու վսեմութիւնն ու սրբութիւնը մեր հայ ընտանիքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.