2014-06-18 11:25:01

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` Եկեղեցին, Աստուծոյ ժողովուրդը։


Չորեքշաբթի, 18 Յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Ան, այսօր կը սկսինք Եկեղեցւոյ մասին նոր խորհրդածութիւններու շարք մը։ Կը նմանի զաւակի մը որ իր Մօր մասին կը խօսի, կը խօսի իր ընտանիքին մասին։ Արդարեւ Եկեղեցին հաստատութիւն մը չէ որ ինքնիրեն համար կը գործէ եւ կամ առանձնական ընկերակցութիւն մը, կամ բարեգործական հաստատութիւն մը, եւ ոչ ալ Վատիկանի կամ եկեղեցականներու սահմանափակուած մէկ իրողութիւն մը… Ամէնքս Եկեղեցին կը կազմենք, եկեղեցականները միայն մաս մըն են այդ եկեղեցւոյ։ Եկեղեցին ընդարձակ մէկ իրողութիւն մըն է որ կը բացուի համայն մարդկութեան եւ որ ծագում չէ ունեցած յանկարծակիօրէն` ոչնչութենէն։ ''Ան հիմնուած է Յիսուսէն, սակայն ժողովուրդն մըն է որ երկար պատմութիւն մը ունի իր ետին եւ ունի պատրաստութիւն մը որ սկիզբ առած է Քրիստոսէն առաջ'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ակնարկելով մեր հաւատքի հայր` Աբրահամի կոչումին։ Աստուած զայն ընտրեց ու անորմէ խնդրեց որ թողու իր հողը եւ երթայ դէպի նոր երկիր մը։ Այս կոչը միայն Աբրահամին չէ ուղղուած որպէս անհատ, այլ կ՛ընդգրկէ նաեւ անոր ընտանիքը ու անոր ազգականները եւ բոլոր անոնք որ իր ծառայութեան տակ կ՛աշխատին։ Աստուած Աբրահամին կը խոստանայ բազմաթիւ ժառանգորդներ։ Անոր միջոցաւ Աստուած կը կազմէ ժողովուրդ մը որ իր օրհնութիւնները տանի աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն։ Եւ այս ընտանիքին մէջ է որ ծնունդ առաւ Յիսուսը։
''Աբրահամը չէ որ իր շուրջ կը համախմբէ ժողովուրդը, այլ Աստուած է որ կեանք կու տայ ժողովուրդին։ Աստուած է որ կը նախաձեռնէ որովհետեւ Անոր սէրը ամէն բան կը կանխէ։ Աստուած ժողովուրդ մը կը կազմէ բոլոր անոնց հետ որ կ՛ունկնդրեն Անոր Խօսքը եւ կը սկսին ուղեւորութիւնը, Անոր վրայ վստահելով'' հաստատեց Քահանայապետը աւելցնելով թէ ''կան դիմադրութիւններ, դաւաճանութիւններ եւ մեղքեր որ կը յատկանշեն փրկութեան պատմութեան ուղեւորութիւնը որ կը կայանայ Աստուածոյ հաւատարմութեան եւ իր ժողովուրդին անհաւատարմութեան մէջ'' ու մատնանշեց թէ ''Աստուած չի հոգնիր, համբերատար է եւ միեւնոյն ժամանակ կը շարունակէ կրթել ու կազմաւորել իր ժողովուրդը, Այնպէս ինչպէս հայր մը կ՛ընէ իր զաւկին հետ։ Եւ այս նոյն վերաբերմունքն է որ Աստուած կը բացայայտէ Եկեղեցւոյ հանդէպ։
Մենք եւս, Յիսուսի հետեւելու մեր նպատակին մէջ, կը փորձարկենք մեր սրտի կարծրութիւնը ու երբ մենք մեզ կ՛ընդունինք որպէս մեղաւորներ, Աստուած մեզ կը լիացնէ իր անհուն ողորմութեամբ եւ իր սիրով։ Այս է որ մեզ կ՛աճեցնէ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ եւ որպէս Եկեղեցի - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ այս մէկը կ՛աճեցնէ նաեւ մեր հաղորդութիւնը Անոր հետ ու մեր միջեւ։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց հաստատելով թէ Աստուծոյ ժողովուրդ կազմելու այս ծրագիրը տակաւին ի զօրու է եւ չէ փոխուած։ Հայցենք Աստուծմէ շնորհքը հաւատարիմ մնալու Անոր ու Աբրահամի նման պատրաստ ըլլալու ամէն օր հետեւելու Իրեն կոչին` դէպի մեր իսկական երկիրը. Ու մեր կարգին դառնալու օրհնութիւն մը որ ըլլայ Աստուծոյ սիրոյ նշան հանդէպ իր զաւակներուն։
Խորհրդախութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Կը գտնուինք Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնի նախօրեակին, սիրելի երիտասարդներ, ս. Հաղորդութիւնը ըլլայ ձեր հաւատքի առաջնակարգ սնունդը, դուք` սիրելի հիւանդներ, երբեք չյոգնիք երկրպագելու Տիրոջ, նոյնիսկ դաժան պահերու ըթացքին եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ սորվեցէք սիրել նմանութեամբ Անոր որ սիրոյ համար դարձաւ զոհ` մեր փրկութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.