2014-06-18 11:54:38

Սրբազան Հայրը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հանդիպեցաւ խումբ մը հիւանդներուն։


Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններու ընթացքին, սովորութիւն է, որ Քահանայապետը ողջունէ հիւանդներու եւ անկարներու խումբ մր, որ ընդհանրապէս զինք կը դիմաւորեն Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, առաջին շարքերուն։
Երկրորդ անգամուայ համար, Ֆրանչիսկոս Պապը, կլիմայի անկայունութեան պատճառաւ, ուզեց անոնց հանդիպիլ Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։ Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան համար, մաղթելով որ այդ վայրէն, կարենան հանգիստ հետեւիլ պատկերասփռուած ունկնդրութեան ու անոնցմէ խնդրեց որ աղօթեն որպէսզի չանձրեւէ. ''այսպէսով հրապարակի վրայ գտնուող հաւատացեալները չեն թրջուիր'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա բոլորին տուաւ իր օրհնութիւնը ու անոնց հետ միասին աղօթեց ''Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը'' ու հրաժեշտ առաւ անոնցմէ խնդրելով որ իրեն համար աղօթեն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.