2014-06-18 09:40:54

Չինաստանի կառավարութիւնը կը բաղձայ իր դիւանագիտական կապերը վերահաստատել Ս. Աթոռին հետ։


Հոնք Քոնկ օրաթերթի գնահատումով դիւանագիտական կապերու հաստատումը Չինաստանի եւ Ս. Աթոռի միջեւ աւելի քան հաւանական է եւ տրամատրութիւնները դրական են կլոր սեղան նստելու եւ լուծում գտնելու անհասկացողութիւններուն։
Չինական թղթածրարը առաջնահերթ նկատուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետներու կողմէ։ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ընտրութիւնը ենթահողը պատրաստեց Չինաստանի ու Ս. Աթոռի մօտեցումին։
Անցեալ մարտին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց որ նամակ մը ուղղած էր Չինաստանի նոր նախագահ` Xi Jinping-ին, որ իր կարգին պատասխանած էր նամակին։ Սակայն խոչընդոտները կը գոյատեւեն եւ դէտերու գնահատումով մնայուն երկխօսութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ հարթել դժուարութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.