2014-06-18 09:33:51

Հռոմի մէջ. Լիբանանեան բանակի օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողով


Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ լիբանանեան բանակի օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 43 պետութիւններ, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային մարմիններու պատասխանատուներ:
Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը ներկայացուեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ:
Խորհրդաժողովին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ Լիբանանի ի գործ դրած ջանքերուն նկատմամբ միջազգային զօրակցութեան ցուցաբերումը, որպէսզի կարելի ըլլայ գործնականացնել եւ ամրապնդել լիբանանեան բանակին զինումը:
Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին, որ բանակը հզօրանայ` պաշտպանել կարենալու համար իր երկրին սահմաններն ու ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրելու համար ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւն ու դիմադրելու Լիբանանի սպառնացող ապահովական մարտահրաւէրներուն:
Խորհրդաժողովին մասնակից երկիրները դրուատեցին նաեւ լիբանանեան բանակին ճիգերը` օժանդակելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան:
Անոնք շնորհաւորեցին լիբանանեան բանակը` վերջերս որդեգրած իր ապահովական քայլերուն եւ երկրին կայունութիւնը վերահաստատելուն առիթով:
Խորհրդաժողովին ընթացքին բարձր գնահատուեցան նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի կատարելիք օժանդակութիւնները` բանակի զինման ի խնդիր:
Լիբանանին տրամադրուելիք օժանդակութիւններուն շրջագիծին մէջ խորհրդաժողովը ողջունեց Պրազիլի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Ֆինլանտայի, Ֆրանսայի, Կանայի, Յունաստանի, Իտալիոյ, Հոլանտայի, Ռումանիոյ, Սպանիոյ եւ Թուրքիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք յաւելեալ աջակցութիւնը:
Հռոմի խորհրդաժողովը շեշտեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակին կարողութիւնները հզօրացնելու կողքին լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւնները պէտք է երաշխաւորեն լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը:
Անոնք ցաւ յայտնեցին Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն համար եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին Լիբանանի կառավարութեան: Խորհրդաժողովը ընդգծեց ամէնէն մօտիկ ապագային հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:
Հռոմի խորհրդաժողովը զօրակցութիւն յայտնեց կայուն, ազատ, գերիշխան եւ միասնական Լիբանանին` հաստատելով «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ շրջանային տագնապներէն չէզոք կեցուածքին Լիբանանի կառչածութեան կարեւորութիւնը:
ՆՇԵՆՔ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու նոր հրամանատար նշանակուած է զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որ 24 յուլիսին իր պարտականութիւնը պիտի ստանձնէ զօր. Փաուլօ Սերրայէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.