2014-06-17 13:23:36

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը Իտալիոյ դատական համակարգի աւագ խորհուրդի անդամներուն։


Երեքշաբթի, 17 Յունիսի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ դատական համակարգի աւագ խորհուրդի անդամները եւ անոնց ընտանեկան պարագաները։ Անոնց ուղղած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ''Պարտականութիւնը որ ձեզի յանձնուած է ունի որպէս կէտնպատակ ընկերային համակեցութեան բարի պաշտօնակատարութիւնը։ Ձեր այս գործունէութեան համար կը յայտնեմ իմ գնահատանքս ու քաջալերանքս''։ Ան ապա խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ատենապետի պաշտօնի բարոյական երեւոյթին վրայ։ Ամէն երկրի մէջ, -ըսաւ Ան - իրաւական օրէնքները կը մտին պաշտպանել դատաւորին ազատութիւնն ու անկախութիւնը, որպէսզի կարողանայ պատշաճ երաշխաւորութեամբ կարեւոր ու նուրբ պաշտօնը կատարել, եւ որպէսզի կարողանայ անյիշաչար եւ անժխտելիօրէն առարկայական ու խոհեմ վճիռը արձակել։
Ասիկա կը պահանջէ խղճմտութեամբ կիրարկել ի զօրու օրէնքները։ Այդ ընելու համար դատաւորը պէտք է տէր ըլլայ մտային, հոգեկան ու բարոյական յատկութիւններուն եւ այդ յատկութիւններէն գլխաւորը` խոհեմութիւնն է։ Խոհեմութիւնը, դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, կառավարումի առաքինութիւն մըն է։ Խոհեմութեան տիրապետումը կ'ենթադրէ ներքին բարձր հաւասարակշռութիւն։ Իտալական ընկերութիւնը շատ բան կ'ակնկալէ դատական ատեանէն, աշխատեցէք ըլլալ բարոյականութեան ու ճշմարտութեան օրինակ` համայն ընկերութեան համար։ ''Ձեր մէջ անպակաս են մեծ առաքինութիւններու օրինակները'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ոգեկոչելով Վիթթորիօ Պաշըլէ-ի լուսաւոր դէմքը, որ եղաւ գերագոյն ատենապետը դատական համակարգի եւ Ռոզարիօ Լիվանթինօ-ն որ սպաննուեցաւ մաֆիայէն եւ որուն երանացման դատը արդէն սկսած է։
Ասոնք - ըսաւ Քահանայապետը - հաւատարիմ ծառաները եղան երկրին։ Հուսկ իր ճառը եզրափակեց ըսելով '' Թող Տէրը` արդար Դատաւոր ու ողորմութեան Հայր, լուսաւորէ ձեր կեանքն ու ներգործութիւնները'' ու ապա հայցեց Աստուածային օրհնութիւնը որպէսզի ընկերանայ ու նեցուկ ըլլայ անոնց, իրենց աշխատակիցներուն եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն







All the contents on this site are copyrighted ©.