2014-06-17 09:01:13

ֆրանչիսկոս Պապը բացումը կատարեց Հռոմի թեմի եկեղեցական ժողովին։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 16 յունիս 2014-ի յետմիջօրէին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, բացումը կատարեց Հռոմի թեմի եկեղեցական ժողովին որուն բնաբանն է ''Ժողովուրդ մը որ կը ծնի իր զաւակները – Հասարակութիւնն ու Ընտանիքը քրիստոնեայ նախապատրաստումի հանգրուաններու ընթացքին''։ Վերոյիշեալ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հռոմի թեմի եկեղեցական անդամ յանձնառու աշխարհականներ։
Այս առթիւ իր արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան վրայ, հաստատելով թէ ան ըլլալու է ''Մայր մը որ գիտէ ողջագուրել եւ ընկալել''։
Պօղոս Զ անուան սրահը ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը, ջերմ ընդունելութիւն գտաւ իր թեմի կղերին ու աշխարհականներուն կողմանէ։ Անոնց հետ զրուցեց բաց եւ անկեղծ սրտով, անոնց տալով թելադրանքներ ու անոնց հետ կիսելով մտավախութիւններ եւ առաքելական մտահոգութիւններ։
Սրբազան Հայրը յատկապէս անդրադարձաւ երիտասարդներու իրավիճակի մասին որոնք – ըսաւ Ան – կ՛ապրին դժգոհութիւն մը որ տարակուսելի կը դարձնէ կեանքի գեղեցկութիւնը։ Անոնք – յարեց միշտ Սրբազան Հայրը– իրենք զիրենք որբ կը զգան։ Որբ` ապահով ուղեւորութեան ճանապարհէ մը, որբ` դաստիարակէ մը, որուն վրայ կրնան վստահիլ, որբ` իտէալներէն որ սրտերը կը ջերմացնեն եւ որբ` յոյսէ որ առօրեայ հոգնութիւններուն նեցուկ կը կագնի։ Անոնք որբ են ''ձրիութենէն''։ Մենք ''ձրիութեան'' կարիքը ունինք, ընտանիքներուն, ժողովրդապետութիւններուն ու բոլոր ընկերութեան մէջ ու եթէ չունինք ''ձրիութեան'' ըմբռնումը, շատ դժուար պիտի ըլլայ հասկնալ թէ ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ շնորհքը ընդունիլ։ Այդ շնորհքը որ ծախու չէ եւ որ չի վաճառուիր, այլ նուէր մըն է` նոյնինքն Աստուծոյ նուէրը։ - Հաստատեց Սրբազան Հայրը հուսկ նշեց թէ ժամանակակից ընկերութիւնը իր զաւակները կ՛ուրանայ, զանոնք կ՛անտեսէ ու յայտնեց թէ Եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրը ''Մայր'' ըլլալն է։ Ոչ թէ լաւ կազմակերպուած բարեսիրական կազմակերպութիւն մը, թէեւ ասոր ալ կարիքը ունինք,- ըսաւ Ան - այլ Մայր, որովհետեւ Եկեղեցւոյ Մայրութիւնը հիմնական է։ Եթէ Եկեղեցին Մայր չէ. Անպտուղ է։ Հայցենք Սուրբ Հոգիէն պտղաբերութեան շնորհքը որպէսզի կարենանք յարատեւել հովուական եւ առաքելական ապաշխարութեան մէջ։ Նոյնիսկ եթէ Եկեղեցին տարիքը առած է, Ան կրնայ երիտասարդանալ պտղաբերութեան մէջ – հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ հաւատքի վկայութիւնը, հիւրընկալութիւնն ու գուրգուրանքը, Եկեղեցւոյ ճանապարհը ըլլալու են ։








All the contents on this site are copyrighted ©.