2014-06-17 12:17:35

''Կաշառակերները կը սպաննեն ու անոնց փրկութեան միակ ճանապարհը ապաշխարութիւնն է'' ` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ։


''Կաշառակերը զԱստուած կը զայրացնէ ու ժողովուրդը մեղքի կը մղէ'', այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, այսօր` 17 Յունիս 2014-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։
Մեկնաբանալով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, Ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս անդրադարձ կատարեց ''կաշառակերութեան'' յառաջացուցած չարիքներուն մասին։ ''Կաշառակերը - ըսաւ Քահանայապետը - զԱստուած կը զայրացնէ եւ ժողովուրդը մեղքի կը մղէ''։ Յիսուս այս մէկը յայտնեց բացայայտօրէն ''ով որ կը գայթակղեցնէ աւելի լաւ է որ զինք ծով նետեն''։ Կաշառակերը ընկերութիւնն ու Աստուծոյ ժողովուրդը կը գայթակղեցնէ։ Կաշառակերը ինքզինք կը ծախէ չարիք հասցնելու համար, սպաննելու համար։ Կաշառակերները դաւաճաններ են, գողեր են, ու անոնց միակ փրկութիւնը ապաշխարութեան մէջ է, ըլլան անոնք ''քաղաքական գործիչներ կամ եկեղեցականներ'', հարկ է որ ներում խնդրեն եւ Տէրը պիտի ներէ անոնց – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ապա հրաւիրեց ''աղօթել կաշառակերներուն համար''։ Երբ թերթերուն մէջ կարդանք այս կամ այն անձի մասին թէ կաշառակեր է. Որպէս քրիստոնեաներ աղօթելու ենք անոնց համար, Տիրոջմէ խնդրելով որ անոնց պարգեւէ ապաշխարութեան շնորհքը։ Աղօթենք անոնց ապաշխարութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.