2014-06-17 14:20:43

Իրագի խաղաղութեան աղօթքի օր։


Ի տես Իրագի մէջ տիրող անխաղաղ ու տագնապալից իրավիճակին, Պաղտատի Լատիններու Արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Ժան Պէնժամին Սլայման յայտարարած է թէ ''միջազգային հասարակութեան միջամտութիւնը անհրաժեշտ չէ եւ թէ Իսլամական Պետութիւն հռչակող խմբաւորումներու առած քայլը կարելի է ընդհատել միմիայն իրագեան իշխանութիւններու միասնական աշխատանքով, որ շատ աւելի կարեւոր է քան որեւէ արտագին միջամտութիւն։ Միւս կողմէ Քաղտէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Սաքօ, հրաւիրած է` Իրագի մէջ եւ սփիւռս աշխարհ գտնուող քաղտէացի հաւատացեալները, չորեքշաբթի 18 Յունիսը նուիրելու աղօթքի եւ ծոմապահութեան, վասն Իրագի մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան վերահաստատումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.