2014-06-17 09:43:13

Թող աշխարհիս փորձանքները մեզի վստահութիւն ներշնչեն


RealAudioMP3 Դուք հիմա կը հաւատա՞ք:Ահաւասիկ կու գայ ժամը, արդէն իսկ եկած է, եւ դուք պիտի ցրուիք,իւրաքանչիւրը մէկ կողմ, եւ պիտի թողուք զիս միայնակ:
Բայց ես առանձին չեմ, Հայրը հետս է: Ասոնք ըսի ձեզի, որպէսզի դուք խաղաղութիւն ունենաք իմ հետս: Աշխարհի վրայ դուք պիտի չարչարուիք, սակայն քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին (Յովհ 16, 32-33)

Աշխարհի մը մէջ կ'ապրինք ուր մարդս կորսնցուց իր հանդարտութիւնը եւ կեանքին կենցաղը: Մարդոց կապին եւ միութեան մէջ կորսուեցաւ այն գեղեցիկ վստահութիւնը եւ սակայն Յիսուսի եւ Եկեղեցւոյ սուրբ մարդոց վկայութիւնը շատերուն առողջ եւ բժշկելի լուծումներ ներշնչեցին այդ մարդոց որոնք կը տառապին թէ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր մարզերուն մէջ:
Կը մնայ մեզի չկորսնցնել այդ վստահութիւնը, որ ունեցանք Քրիստոսի վրայ երբ մեր քրիստոնէական առաջին շունչը զգացինք իրեն հետ նոր կեանքի մը մէջ մտնելու որպէս մեր Փրկիչը, մեր բժիշկը եւ մանաւանդ մեր Հայրը:
Ոտնլուային արարքէն ետք, Սուրբ Յովհաննէս մեզ երկարօրէն կը տեղեկագրէ այն խօսքերը զոր Յիսուս ըսաւ իր առաքեալներուն՝ վերջին ընթրիքին ընթացքին: 16-րդ գլուխը մաս կը կազմէ այս հատորին, որուն մէջ Յիսուս կը յայտնէ թէ ինչպէս եղելութիւնները պիտի ընթանան, յատկապէս առաքեալներուն փախուստն ու ցրուումը: Եւ այդպէս ալ տեղի ունեցաւ Գեթսեմանի մէջ երբ, զինուորներուն առջեւ, առաքեալները փախան ու Յիսուսը մինակ ձգեցին:
Շատ ցայտուն է թէ ինչպէս առաքեալները շուտով լքեցին Յիսուսը, չարչարանքներուն սկիզբէն իսկ, մինչդեռ Յիսուս զիրենք զգուշացուցած էր թէ ինչ պիտի պատահէր: Նոյնպէս, զարմանալի է թէ անոնք որքան դանդաղ են հաւատալու Յա-րութեան: Երբ կիները, որոնք առաջինը եղան պարապ գերեզմանը տեսնելու, լուռը բերին առաքեալներուն. սակայն անոնք զայն նկատեցին որպէս խենթութիւն, ինչպէս որ կը տեղեկագրէ Սուրբ Ղուկասը:
Մեր կեանքին ընթացքին, կը նկատենք թէ մենք ալ շուտափոյթ կը փախչինք դժուարութիւններուն առջեւ, եւ դժուարահաւատ ենք երբ ամէն ինչ կորսուած կը թուի մանաւանդ երբ այլեւս յոյս չենք գտներ: Չզարմանանք այս եղելութեան վրայ, քանի որ նոյնը պատահեցաւ առաքեալներուն, հակառակ որ անոնք ապրեցան Քրիստոտի հետ եւ ականատես եղան անոր հրաշքներուն: Սակայն, առաջին առաքեալներուն օրինակը պէտք է մեզի դաս մը հանդիսանայ որովհետեւ այսուհետեւ գիտենք թէ Յիսուս ամէն բանէ աւելի հզօր է եւ թէ Ան վերջնականապէս մահուան վրայ յաղթեց: Մի միայն իր մէջ կը գտնուին խաղաղութիւնն ու սէրը. ,Աշխարհին մէջ կը գտնէք անձկութիւն, սակայն վստահ եղէք, ես եմ որ յաղթեցի աշխարհին:
Յիսուս, Դուն միակ յոյսս ես: Ոչ ոք կրնայ ինծի տալ ինչ որ դուն կու տաս: Միակն ես որ կրնաս սիրտս իսկական խաղաղութեամբ լեցնել: Միայն դուն կրնաս յաւիտենական կեանք պարգեւել ինծի եւ բոլորիս: Ըրէ որ երբեք չլքեմ քեզի, ո՜վ Տէր: Այսօրուայ պատգամս թող ըլլայ Քրիստոսի վստահութեան հաւատալ, կառչիլ եւ մանաւանդ զայն ապրիլ:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.