2014-06-16 16:13:51

''Կաշառակերութեան գինը անմեղները կը վճարեն'' ըսաւ Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը 16 Յունիսի քարոզին մէջ։


Երկուշաբթի, 16 Յունիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը
Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, ներշնչուելով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումէն, իր քարոզը կեդրոնացուց կաշառակերութեան վրայ։
Նորին Սրբութիւնը կաշառակերութիւնը նկատեց որպէս աշխարհի պատմութեան հնադարեան մեղք մը, որ մինչեւ օրս ի զօրու եւ կը շարունակուի իրագործուիլ՝ ըլլայ քաղաքական եւ ըլլայ եկեղեցական իշխանութեաց կողմէ։
''Աղքատներն են որ կը վճարեն կաշառակերութեան գինը'' հաստատեց Քահանայապետը, զանազան օրինակներ մէջբերելով ու ցոյց տալով կաշառակերութեան ժխտական հետեւանքները, որոնց շարքին նշեց օրինակի համար աղքատ հիւանդները որոնք կարողութիւն չունին դեղեր գնելու, կամ ալ աղքատ մանուկները, որոնք հնարաւորութիւն չունին կրօնական դաստիարակութիւն ստանալու ։
Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը մատնանշեց '' միակ ճանապարհը յաղթահարելու համար կաշառակերութիւնը` ծառայութիւնն է'' որովհետեւ կաշառակերութիւնը կը յառաջանայ հպարտութենէն եւ սնապարծութենէն մինչ ծառայութիւնը հեզութեան հետեւանք է։
Քարոզը եզրափակելով Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները աղօթելու կաշառակերութենէն զոհ գացած անմեղներուն համար, որպէսզի Տէրը նեցուկ կանգնի անոնց եւ ուժ տայ որպէսզի կարենան յարատեւել իրենց վկայութեան մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.