Իրաքեան բանակը շարունակեց շրջանները մաքրել ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն եւ սպաննեց Մուսուլի
մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարներէն Ապու Օմար Ասէյլին, ինչպէս նաեւ Նաքշպանտիյայի մէջ խմբաւորումի
մարտական ղեկավար Թալալ Տուրին: Իրաքեան բանակը Մուսուլի մէջ հարուածեց նաեւ Պաաս
կուսակցութեան մէկ կեդրոնը, ուր սպաննուեցաւ կուսակցութեան ղեկավարներէն մէկը: Սալահէտտինի
նահանգային խորհուրդի նախագահ Ահմետ Ապտելժապար Քարիմ ցեղախումբերուն կոչ ուղղեց ապահովական
ուժերուն արշաւին միանալու: Բանակը նշեալ նահանգին մէջ ցեղախումբերուն օժանդակութեամբ
վերահսկողութիւն հաստատեց Տալլուղա քաղաքին վրայ: Բանակը նաեւ զինեալները վտարեց Իսհաքիէն,
ինչ որ ցոյց կու տայ, որ ան կրնայ իր վերահսկողութեան տակ առնել Նինուէ-Պաղտատ ճամբան: Բանակը
նաեւ սկսաւ շարք մը նահանգներու մէջ, ինչպէս Տիալիի հիւսիսը, Սալահէտտինի, Սամարայի եւ
Մուսուլի մէջ ետ մղել ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները: Փեշմերկաներ իրենց կարգին Պաքուպայի արեւելքը
առին իրենց վերահսկողութեան տակ` այդպիսով վիճելի շրջաններուն քարիւղի հանքերուն սահմաններուն
անվտանգութիւնը ապահովելով: Փեշմերկաները նաեւ կը գտնուին Խանքին նահանգին մէջ գտնուող
Սաատիյա քաղաքի մէջ: Անպար նահանգը իր կարգին յայտարարեց, որ ապահովական մարմիններու
եւ ցեղախումբերու ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմած է ապահովական ձեռքբերումը
պահպանելու համար: ՏԱՀԵՇ կը փորձէ իրաքեան ուժերը զբաղած պահել` յայտարարելու համար
կազմութիւնը Նինուէի մէջ իսլամական էմիրութեան մը, որ կ՛ուզէ մինչեւ սուրիական սահման
տարածուիլ: Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շաբաթ օր յայտարարեց, որ Իրան պատրաստ է օժանդակելու
Իրաքի, եթէ վերջինս միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ այդ պահանջէ: