2014-06-16 08:16:22

«Լիբանանցիները կը մերժեն երեսփոխաններուն անտարբերութիւնը. անոնց Պարտականութիւնն Է ընտրել նախագահը» շեշտեց Ռայի Պատրիարք


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին:
Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանցիները կը մերժեն երեսփոխաններուն անտարբերութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղեն անոնց չզլանալու իրենց պարտականութեան մէջ:
«Կարելի չէ երկրի մը սահմանադրութիւնն ու ժողովուրդին արժանապատուութիւնը ոտնձգութեան ենթարկել: Լիբանանցիները դժգոհ են հակաժողովրդավարական այս ընթացքէն», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն կատարելու իրենց պարտականութիւնը, որ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.