2014-06-15 13:25:46

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խնդրեց աղօթել Իրաքի համար ու յայտարարեց Ալպանիայ կատարելիք այցելութիւնը։


Կիրակի, 15 Յունիս 2014-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Նախ քան Մարեմեան աղօթքը, Ֆրանչիսկոս Պապը խորհդրածութիւն մը կատարեց Սուբ Երրորդութեան տօնին մասին, հաստատելով թէ Սէրն է որ կը յայտնաբերէ Հօր Աստուծոյ, Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն մէջ հաւատքը։ Սէրը – ըսաւ Քահանայապետը – Քրիստոնեային յատկանիշն է. Յիսուս ըսաւ`''Ամէնքը ձեզ պիտի ճանչնան իբրեւ իմ աշակերտներս եթէ դուք զիրար սիրէք։ Հակասական իրողութիւն է մտածել քրիստոնեաներու որոնք իրար զիրար կ՛ատեն։ Ամէնքս կանչուած ենք վկայելու ''Աստուած Սէր է'' պատգամը - ըսաւ Քահանայապետը - յայտնելով որ իրար սիրելը Սուրբ Երրորդութեան արտացոլումն է։ Ան ապա հրաւիրեց հաւատացեալները յառաջիկայ հինգշաբթի 19 Յունիսին, Սուրբ Հաղորդութեան տօնին առթիւ, մասնակցելու` Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի մէջ մատուցուելիք սուրբ զոհին ու աւանդական թափօրին։ ''Ձեզ կը սպասեմ հինգշաբթի ժամը 7-ին'' ըսաւ Ան, ապա հայցեց Աստուածամօր օգնութիւնը որպէսզի մեր ամբողջ կեանքը ըլլայ Աստուծոյ փառաբանութիւն. Աստուած որ Սէր է ըսաւ Սրբազան Հայրը ու արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որմէ ետք ողջունելով Սուրբ Պետրոսի վրայ համախմբուած հաւատացեալները ակնարկեց Իրաքի մէջ տիրող լարուածութեան ու հրաւիրեց բոլորը իրեն միանալու աղօթքով, բոլոր զոհերուն համար ու բոլոր անոնց որոնք իրենց բնակավայրերը թողուցին ու հեռացան, որոնց շարքին նաեւ շատ մը քրիստոնեաներ։ Բոլոր ժողովուրդին համար կը մաղթեմ խաղաղութիւն, անվտանգութիւն ու արդարութեան եւ հաշտութեան ապագայ մը, որպէսզի բոլոր իրաքցիները անխատիր, կարենան միասնաբար կերտել իրենց երկիրը։ ''Աղօթենք Աստուածամօր ամէնքս միասին'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց արտասանել ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը որմէ ետք յայտարարեց թէ յառաջիկայ 21 սեպտեմբեր 2014-ին, ընդառաջելով Ալպանիայի քաղաքացիական իշխանութեան ու եպիսկոպոսներու հրաւէրին, պիտի այցելէ Ալպանիան, հաւատքի մէջ վերահաստատելու համար Ալպանիայի Եկեղեցին ու անոնց վկայելու իր սէրն ու քաջալերանքը։ Ան ապա ողջունեց հրապարակը գտնուող զանազան խումբեր ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի, յանձնարարելով` չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.