2014-06-14 10:45:52

Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի զրոյցը ''Լավանկուարտիա'' Սպանական թերթին հետ։


Ուրբաթ, 13 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապը Սպանական ''Լավանկուարտիա'' թերթին հետ ունեցած է երկար հարցազրոյց մը որուն մէջ անդրադարձած է զանազան նիւթերու մասին, յայտնելով թէ կը փափաքի յիշուիլ որպէս ''բարի անձ մը որ իր կարելին ըրաւ''։

Զրոյցին ընթացքին Քահանայապետին շօշափած նիւթերու շարքին եղան` Միջին արեւելքի՝ խաղաղութեան հրամայականը, Եկեղեցին՝ որպէս ծառայութիւն ի սպաս աղաքատներուն, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող բարենորգումները, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի հրաժարականը Սուրբ Պետրոսի գահէն, ինչպէս նաեւ ժամանակակից աշխարհի տնտեսական համակարգի յառաջացուցած ժխտական հետեւանքները։

Անդրադառնալով Վատիկանի մէջ, վերջերս տեղի ունեցած խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի հանդիպումին, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի նախագահներուն ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ սոյն ձեռնարկը քաղաքական ոչ մէկ բնոյթ ունէր այլ՝ կրօնական ձեռնարկ մըն էր, աշխարհին առջեւ նոր ''լուսամուտ մը'' բանալու համար։ Նորին Սրբութիւնը ապա դատապարտեց կրօնական ծայրայեղութիւնը հաստատելով, թէ Աստուծոյ անունով կատարուած բռնութիւնները ''հակասական են''։

Սրբազան Հայրը առիթ ունեցաւ խօսելու Հրեաներու ջարդին մասին՝ զգուշացնելով հակասեմականութենէն ու հաստատելով թէ յիմարութիւն է ժխտել սոյն աղէտը։ Ան ապա մատնանշեց, թէ կարելի չէ ըլլալ ճշմարիտ քրիստոնեայ ու չճանչնալ մեր հրէական արմատները։ Երկխօսութիւնը քրիստոնեաներու եւ հրեաներու միջեւ մարտահրաւէր մըն է, որ կարելի է իրագործել եղբայրաբար։

Պատասխանելով ապա Եկեղեցւոյ եւ աղքատներու մասին ուղղուած մէկ հարցումին Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ աղքատութիւնն ու խոնարհութիւնը, աստուածաբանական գետնի վրայ, Աւետարանի սիրտը կը կազմեն ու կարելի չէ Աւետարանը ըմբռնել, առանց աղքատութեան որ պէտք է զանազանուի ''փաուփերիզմի'' երեւոյթէն։ Եպիսկոպոսները պէտք են ըլլալ ծառաներ եւ ոչ թէ ''իշխաններ'' շեշտեց Սրբազան Հայրը ու ապա դատապարտեց ժամանակակից աշխարհի տնտեսական համակարգի յառաջացուցած ժխտական հետեւանքները որ մեծ ու ժխտական ազդեցութիւն ունին նա մանաւանդ երիտասարդներուն վրայ։Ան ապա անդրադարձաւ ''Հռոմի Քուրիայի'' վերանորոգումի մասին, հաստատելով թէ այդ մէկը իր անձնական ծրագիրն է հիմնուած` կարտինալաներու ժողովէն յառաջ եկած թելադրանքներու վրայ, ''իսկական յեղափոխութիւնը կը կայանայ մեր արմատներուն վերադարրձի մէջ ու իսկական փոփոխութիւններ կարելի է իրագործել մեկնելով մեր ինքնութենէն'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ պատասխանելով ժողովուրդի կողմէ որպէս ''ժողովրդապետ'' ընդունուելուն հարցումին ըսաւ` '' ժողովուրդին ծառայել, իմ մէջէս կը բխի, ու այս մէկը իմ կոչումիս կը համապատասխանէ, թէեւ միեւնոյն ժամանակ ինքզինքս կը զգամ նաեւ Քահանայապետ եւ ի յարկին ''փրոթոքոլային'' իմ պաշտօնս կը ջանամ լաւագոյնս կատարել։Գիտակից եմ որ կրնայ ինծի բան մը պատահիլ սակայն մարդոց հետ իմ շփումս ըլլալու է առանց արգելքի որովեհտեւ չեմ կրնար ողջունել ժողովուրդ մը ու անոր ըսել թէ զինք կը սիրեմ եթէ բակուած եմ պատնէշի մը ետին։







All the contents on this site are copyrighted ©.