2014-06-14 08:53:02

Ուքրանական ուժերը վերագրաւած են Մարիուփոլը


Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Արսէն Աւագով Դիմատետրի իր էջին վրայ հաղորդած է, որ ուքրանական ուժերը իրենց հսկողութեան տակ առած են Տոնեցքի շրջանին մէջ գտնուող Մարիուփոլ քաղաքը:
Աւագով Դիմատետրի իր էջին վրայ մասնաւորաբար գրած է. «Մարիուփոլի քաղաքային խորհուրդի շէնքին վրայ կը ծածանի ուքրանական դրօշը»:
«Քորեսփոնտընթ» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Տոնեցքի հանրապետութեան ղեկավարութիւնը հինգշաբթի երեկոյեան յայտարարած է, որ երեք հրասայլ ստացած է:
«Մենք կը հաստատենք, որ հրասայլեր ստացած ենք: Այդ հրասայլերը պիտի ուղարկուին աւելի բարդ ուղղութիւններով», հաղորդած են ղեկավարութեան ներկայացուցիչները:
Ըստ որոշ տուեալներու, հրասայլերէն մէկը այժմ մարտի մեկնած է Տոնեցքի մարզի Սաուր Մոկլիա շրջան: Թէ ուրկէ ստացած են հրասայլերը, զինեալները չեն յայտներ:
Ականատեսներ կը հաղորդեն, որ խօսքը «Թի-70» եւ «Թի-72» հրասայլերու մասին է:
Աւագով իր կարգին յայտարարած է, որ գրաւուած անցակէտերու միջոցով Ռուսիայէն զինուորական շարասիւն մուտք գործած է Ուքրանիա:
«Հետախուզութեան եւ դէտերու տուեալներով` վերջին երեք օրերուն, հակառակ Ռուսիոյ յայտարարութիւններուն այն մասին, թէ խաղաղ հոլովոյթը կ՛ողջունէ, տեղեկութիւններ կան, որ ահաբեկիչներու կողմէ գրաւուած անցակէտերով շարասիւններ կը ներթափանցեն», յայտարարած է նախարարը:
Ուքրանական ուժերը երէկ խոստացան մինչեւ այսօր փակել Ռուսիոյ հետ սահմանային «բոլոր անցքերը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.