2014-06-14 08:45:26

Ըստ թուրք Երեսփոխանի մը. Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքներ գրաւած ահաբեկիչներուն եկամուտի աղբիւրը թուրքիան է։


Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան` Ալեքսանտրէթի նահանգէն ընտրուած երեսփոխան Մեհմեթ Ալի Էտիպօղլու յայտնած է, որ Թուրքիոյ Ալեքսանտրէթ, Այնթապ, Ուրֆա եւ Քիլիս շրջաններու սահմանակից գաղտնի ճամբաներով Իրաքի շրջանները գրաւած զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ անցած քարիւղն ու քարիւղամթերքը Թուրքիոյ կը ծախեն եւ 800 միլիոն տոլար շահ կ՛ապահովեն:
«Ատիկա ամբողջ աշխարհը սպառնալիքի տակ պահող ահաբեկչական խմբաւորում է: Անոնք դիւրութեամբ մարդ կը սպաննեն` հաւատալով, որ ատկէ ետք դրախտի մէջ պիտի յայտնուին: Այդպիսի խմբաւորումը ամէն պահու կրնայ Թուրքիոյ վնաս հասցնել», ըսած է երեսփոխանը` կոչ ուղղելով չափազանց զգուշ ըլլալու:
Ան նշած է, որ այդ խմբաւորման անդամները Թուրքիոյ մէջ իշխող վարչակարգը իսլամութեան օրէնքներէն դուրս կը նկատեն եւ այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ Իրաքի մէջ, կրնայ կրկնուիլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ:
Էտիպօղլու ըսած է, որ խմբաւորումը իր գրաւած տարածքներէն` Սուրիոյ Ռումայլանէն եւ Իրաքի Մուսուլէն պեղուած քարիւղը Թուրքիոյ կը ծախէ: Ալեքսանտրէթի սահմանին մօտ գտնուող գիւղերուն մէջ խողովակաշարեր կը կառուցուին:
Նմանատիպ խողովակներ կան նաեւ Քիլիսի, Ուրֆայի եւ Այնթապի մէջ: Քարիւղը Թուրքիա արտածելով մեծ գումարներ կ՛ապահովեն:
Ընդդիմադիր երեսփոխանը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Թուրքիա աչք կը փակէ իր տարածքով Եւրոպայէն, Չեչենիայէն մեծաթիւ զինեալներու` Սուրիա եւ Իրաք մուտքին վրայ: Անոնց կ՛օգնեն առնուազն հազար թուրքեր: «Ատիկա առանց թրքական գաղտնի սպասարկութեան գիտութեան տեղի չէր կրնար ունենալ», ըսած է Էտիպօղլու:
Շուրջ երկու հազար հոր վերահսկող կազմակերպութիւնը օրական 1500 թոն մաքսանենգուած քարիւղ կը մտցնէ Թուրքիա: Ատիկա Թուրքիոյ մէջ սպառուող քարիւղին 3.5 առ հարիւրն է:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ երէկ բուռն կերպով հերքեց, թէ Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ի կ՛աջակցի:








All the contents on this site are copyrighted ©.