2014-06-13 12:04:24

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 13 Յունիսի թուիթն ու քարոզը։


''Երբ Տէրը մեզի առաքելութիւն մը կ՛ուզէ յանձնել, մեզ կը պատրաստէ զայն լաւ կատարելու համար։ Մեր պատասխանն ալ հիմնուելու է աղօթքի եւ հաւատարմութեան վրայ'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, ուրբաթ 13 Յունիս 2014-ի առաւօտեան, սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզի ամփոփուած գաղափարը։
Ակնարկելով Եղիա մարգարէին Աստուծմէ յանձնուած առաքելութեան` օծելու Իսրայէլի թագաւորը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեկնաբանեց սուրբ գրային ընթերցումի հատուածը, հաստատելով թէ ''Աստուած մեզ կը պատրաստէ մեր առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարելու համար'' ու թէ մեզմէ կը պահանջուի ''հաւատարմութիւն'' թոյլ տալով որ ''Տէրը ուղղէ մեր քայլերը'' որպէսզի կարենանք անվախ ընթանալ։ Թող Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը մեր կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին, մենք զմեզ Անոր յանձնելու որպէսզի մեզ պատրաստէ ու կարող ըլլանք վկայելու Յիսուսի փրկութիւնը։

Իսկ իր հրատարակած օրուան թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները չդիմադրել Սուրբ Հոգիին ներգործութեան։ ''Չդիմադրենք Սուրբ Հոգւոյն` հնազանդինք Անոր ներգործութեան որ կը վերանորոգէ զմեզ, Եկեղեցին եւ աշխարհը'' գրեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 13 Յունիսին հրատարակած իր թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.