2014-06-13 13:10:34

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանաապետի գործունէութիւնը։


Ուրբաթ 13 յունիս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Տոմինքեան Հանրապետութեան նախագահ` Տիար Տանիլօ Մէտինա Սանչէս ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Տոմինքեան Հանրապետութեան նախագահը հանդիպեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փարոլինին ու Վատիկանի արտգործ նախարար` Գերապայծառ Մամպէրթիին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ սիրալիր եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկու պետութիւններու միջեւ գոյատեւող բարի յարաբերութիւնները, մասնաւորապէս Եկեղեցւոյ գնահատելի ներդրումը երկրին՝ ընկերային, դաստիարակչական, առողջապահական եւ բարեսիրական ծիրէն ներս։
Ժամը 11,15-ին Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Իտալիոյ Փեսքարա – Փեննէ թեմի արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Թոմմազօ Վալէնթինէթթին, հուսկ` ընդունեց Փանամայի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան Տիար Տէլիա Քարտէնաս Քրիսթի, հրաժեշտի այցելութեան առթիւ։
Ժամը 11,40-ին Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց ''Populorum progressio'' հիմնարկի տնտեսական վարչախորհուրդի 10 անդամներուն։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ հիմնադրամի վարչախորուրդը` 10 -14 Յունիս, ժողով գումարած է Վատիկանի մէջ որպէս նպատակ ունենալով` ուսումնասիրել եւ վաւերացնել կարգ մը ծրագիրներու ֆինասաւորումը սահմանուած` Լատինամերիկացի բնիկներուն։ Նշենք նաեւ թէ մինչեւ օրս վերոյիշեալ խորհուրդը, որ հիմնուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետի կողմէ 1992-ին, 35 միլիոն ամերիկեան տոլար արժող աւելի քան 4000 ծրագիրներ իրականացուցած է։Այդ ծրագիրները կը նպաստեն օգնութեան հասնելու գիւղացիներուն ու արհեստաւորներուն, ինչպէս նաեւ կարելիութիւն կու տան խմուելիք ջուր ապահովցնելու եւ անոնց զաւակներու դաստիարակութիւնը երաշխաւորելու։







All the contents on this site are copyrighted ©.