2014-06-13 11:53:38

Սուրբերու դատի հայող Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրամանագիրերու հրատարակութիւնը


Հինգշաբթի, 12 յունիս 2014-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունելով Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօն. վաւերացուց Սուրբերու դատի հայող հետեւեալ հրամանագիրերու հրատարակութիւնը.

- Երանելի Լուտովիկօ Էտուարտօ Չէսթակը բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը։ Հայր Լուտովիկօ ծնած է ֆրանսա, 6 յունուար 1801-ին եւ վախճանած է
27 մարտ 1868-ին։ Ան եղած է թեմական քահանայ եւ հիմնած է ՝՝Սուրբ Կոյս Մարիամի զաւակները կոչուած հաստատութիւնը՝՝

- Երանելի Իրէնէ Սթէֆանիի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը։
Քոյր Իրէնէ ծնած է 22 Օգոստոս 1891-ին Իտալիոյ Անֆօ կուչուած քաղաքը եւ վախճանած է 31 հոկտեմբեր 1930-ին։ Ան եղած է անդամ Քոնսոլաթա կոչուած միսիոնարական մայրապետներու միաբանութեան։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ճանչցաւ ''հերոսական առաքինութիւնները''

- Աստուծոյ ծառայ Լուիճի Սավարէյի որ ծնած է 15 օգոստոս 1878-ին Իտալիոյ Քրէմոնա քաղաքը եւ վախճանած է 22 մարտ 1949-ին։ Ան եղած է թեմական քահանայ ։

- Աստուծոյ ծառայ Էուճէնիոյ Ռէֆֆոյի, ծնած է 22 յունուար 1843-ին Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ եւ վախճանած է 9 մայիս 1925-ին։ Ան որպէս քահանայ եղած է անդամ եւ հիմնադիրներէն մին՝ Սուրբ Յովսէփի միաբանութեան ։

- Աստուծոյ աղախին Սիրտ Յիսուսի Մատտալէնային, աւազանի անունով Ֆրանչէսքա Մարկէրիթա Թայլորի։ Ծնած է 20 յունուար 1832-ին Անգլիոյ Սթոք Ռոքֆորտ քաղաքը եւ վախճանած է 9 յունիս 1900-ին։ Եղած է հիմնադրուհին ՝՝Մայր Աստուծոյ աղքատ աղախիններու՝՝ կոչուած միաբանութեան։

- Աստուծոյ աղախին Մարիա Ճուզէփփա Սքանտոլա։ Քոյր Մարիա ծնած է 26 յունուար 1849-ին Իտալիոյ Պոսքօ Քիէզանովա կոչուած քաղաքը եւ վախճանած է 26 յունուար 1 սեպտեմբերի 1903-ին ։Ան եղած է անդամ որպէս մայրապետ Միսոնարական քոյրերու Փիէ Մատրի Տէլլա Նիկրիցիա կոչուած միաբանութեան։

- Աստուծոյ աղախին Իթալա Մէլայի։Ծնած` Իտալիոյ Լա Սփէցիա քաղաքին մէջ 28 օգոստոս 1904-ին եւ վախճանած է 29 ապրիլ 1957-ին։ Ան եղած է անդամ Սան Փաուլօ Ֆուորի լէ մուրայի Պենետիկտեան կրօնաւորուհիներու վանքին։

Եւ Աստուծոյ ծառայ Ուլպէրթօ Մորիի։ Եղբայր Ուլպէրթօ ծնած է Իտալիոյ Մոտէնա քաղաքը 28 յունուար 1926-ին եւ վախճանած է 6 սեպտեմբեր 1989-ին ։ Ան եղած է աշխարհական՝ ընտանիքի հայր։







All the contents on this site are copyrighted ©.