2014-06-13 09:57:47

Սկիզբ առաւ Պրազիլի մէջ կայացած ոգտանգունդի 2014 Մոնտիալը։


Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ հինշաբթի 12 Յունիսի գիշերը սկսաւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` 2014-ի Մոնտիալը, որ մինչեւ 13 Յուլիս պիտի զբաղցնէ ֆութպոլասէր հասարակութիւնը` անոնց տալով երբեմն ուրախ եւ երբեմն ալ ոչ այդքան հաճելի պահեր:
Բացման երգով ելոյթ ունեցաւ Ճենիֆըր Լոփեզ, որ իր կողքին ունենալով Փիթպուլը եւ պրազիլցի ժողովրդային աստղ Քլաուտիա Լէյթէն, երգեց «We are one» (Օլա-օլա) երգը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ փոքրերով, որոնք ցատկեցին թրամփոլինի վրայ, եւ մարդիկ շրջագայեցան դաշտին կեդրոնը` հագած ծառերու կերպարներ:
Անոնց յաջորդեցին պարողներ, որոնք ներկայացուցին տարբեր տեսակի պարեր: Սակայն, նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը` հիւրընկալ երկրին` Պրազիլի եւ Խրուաթիոյ միջեւ, դաշտէն դուրս արձանագրուեցան խուլիկանութեան դէպքեր ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ: Բռնարարքներուն պատճառով նուազագոյնը հինգ անձեր վիրաւորուեցան:
Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազեր արձակեց շուրջ 300 ցուցարարներու վրայ, որոնք կը բողոքէին 2014-ի Մոնտիալին համար միլիոնաւոր տոլարներու մսխումի երեւոյթին դէմ:
Բացման պաշտօնական հանդիսութեան յաջորդեց բացման առաջին մրցումը, երբ Ա. խմբակին մէջ իրարու դէմ ճակատեցան հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ եւ Խրուաթիա:
Թէեւ Պրազիլ 3-1 արդիւնքով յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, սակայն օրուան կեդրոնի ճափոնցի իրաւարարը` Եուիշի Նիշիմուրա սխալեցաւ, Պրազիլի նշանակած երկրորդ կոլին մէջ իր օգտակարութիւնը ունենալով ի նպաստ Պրազիլի, երբ սուլեց անարդար փենալթի մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.