2014-06-13 09:59:48

Արամ Ա. Վեհափառը շնորհակալական նամակ յղեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին։


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը եղբայրական նամակ մը ստացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառէն, անոր Հռոմ կատարած եռօրեայ այցելութեան վերադարձին, որու մէջ ան շնորհակալութեամբ կը բաժնեկցի իր ուրախութիւնը Հռոմի մէջ Լեւոնեան վարժարան տուած այցելութեան առթիւ ըսելով.

«Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս,
Վատիկան կատարած Մեր եռօրեայ այցելութենէն Անթիլիաս վերադարձին, հոգեկան գոհունակութեամբ Ձերդ Ամենապատուութեան կ'ուղղենք Մեր այս գիրը, Ձեզի հետ բաժնելու Մեր ուրախութիւնը՝ Հռոմի մէջ Լեւոնեան վարժարան տուած այցելութեան առթիւ:
Այսու գրով կ'ուզենք Մեր շնորհակալութիւնը արձանագրել Գերապատիւ Հայր Գէորգ Նորատունկեանի ջերմ ընդունելութեան, եւ Մեզի ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին համար, որուն մասնակից դարձան նաեւ Մեզի ընկերակցող պատուիրակութեան հոգեւորական անդամները: Արդարեւ, Մեր խօսքին մէջ բարձր գնահատեցինք Լեւոնեան վարժարանի կարեւոր դերը Սփիւռքի մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Նաեւ շեշտեցինք մեր ազգը բաղկացնող երեք յարանուանութիւններու համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր մեր հայրենիքի ու Սփիւռքի առաւել հզօրացման ու ազգային արժէքներու առողջ պահպանման:
Այս առիթով Ձերդ Ամենապատուութեան կը մաղթենք քաջառողջ եւ երկար գահակալութիւն: Կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որ Իր հովանին անպակաս ընէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն վրայէն, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի»:

Անթլիաս, 10 յունիս 2014


Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելեց Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանը
Չորեքշաբթի 05 յունիս 2014, կեսօրուայ ժամը 12-ին, Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի պատուոյ հիւրը եղաւ նորին սուրբ օծութիւն Տէր Տէր. Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ պաշտօնական եռօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Վատիկան 3-էն 5 յունիս 2014:
Վեհափառ հայրապետին ընկերակցած էին՝ գերաշնորհ տէր Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեան, Օշական արքեպիսկոպոս Չօլոյեան, Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, Մուշեղ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Նարեկ արքեպիսկոպոս Ալեէմէզեան, Խորէն եպիսկոպոս Տողրամաճեան, Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, Բաբգէն եպիսկոսպոս Չարեան, Շահէ եպիսկոսպոս Փանոսեան եւ հոգեշնորհ տէր Մեսրոպ վարդապետ Սարգիսեան։
Մինջեւ ժամանումը վեհափառ հայրապետին, Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի փոխտեսուչ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահը՝ զանազան գաղութներէն ժամանած շուրջ 80 ազգայիններու եւ բարերարներու պատուիրակութեան ներկայացուց սուրբ Նիկողայոս Դոլենդինացիի նուիրուած 1606-ին կառուցուած եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր զանազան մասերը:
Վեհափառ հայրապետը եկեղեցի մուտք գործեց՝ «հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, ու նախագահեց այս այցելութեան առթիւ վարժարանի կողմէ պատրաստուած միասնական աղօթքին: Սոյն աղօթքին մասնակցեցան նաեւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց ընդհանուր գարտուղար՝ Պրայըն եպիսկոպոս Ֆարել, գերյարգելի Անտրէա Փալմիերի եւ սոյն ժողովին արեւելեան եկեղեցիներուն պատասխանատու հայր Գաբրիէլ Քուիք:
Աղօթքի վերջաւորութեան, Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի մեծաւոր հայր՝ Գէորգ թ. ծ. վ. Նորատունկեան իր գորովագին ողջոյնի խօսքը ուղղեց հեհափառ հայրապետին եւ միւս բոլոր ներկաներուն: Մեծաւոր հօր խօսքէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոսը, իր սրտագին մաղթանքը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց վարժարանի տեսչութեան ու ժառանգաւորներուն այդ ջերմ ընդունելութեան համար:
Վերջին օրհնութենէն ետք, վեհափառը, վարժարանի ոսկեմատեանին մէջ անմահացուց իր այցելութիւնը հետեւեալ տողերով. «Թող Աստուած այս հոգեւոր տունը պահէ միշտ անսասան իր առաքելութեան Ճամբուն վրայ»:
Արարողութենէն ետք, Արամ Ա. վեհափառը եւ իրեն ընկերակցող առաջնորդ սրբազանները տեսչութեան կողմէ հրաւիրուեցան վարժարանի մէջ պատրաստուած սիրոյ ագապին:








All the contents on this site are copyrighted ©.