2014-06-12 14:03:20

''Յիսուս մեզի կը յայտնէ երեք չափանիշեր հակամարտութիւնները կասեցնելու համար` Իրապաշտութիւն, հետեւողականութիւն եւ որդիականութիւն'' – ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզին մէջ։


Հինգշաբթի, 12 յունիս 2014-ին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումին վրայ ուր՝ կը խօսուի Յիսուսի՝ առաքեալներուն տուած՝ եղբայրական սիրոյ խրատներու մասին։
Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց, թէ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ երեք չափանիշեր. առաջին՝ առողջ իրապաշտութիւն՝ եթէ խնդիր մը ունիս ուրիշի մը հետ եւ կորող չես զայն կարգաւորել, նուազագոյնը ՝ համաձայնութիւն մը կնքէ հակառակորդիդ հետ՝ մինչ ուղեւորութեան մէջ կը գտնուիս։ Արամատական լուծում մը չէ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը. բայց՝ համաձայնութիւնը լաւ բան մըն է, Իրապաշտութիւն է եւ այսպէս ընելով, քայլ առ քայլ խաղաղաղութիւն կը կառուեցնք եւ մեր միջեւ տիրող լարուածութիւնները կը կասեցնենք։
Երկրորդ չափանիշն է Ճշմարտութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատելով, թէ բամբասանքը եւ զրպարտութինը կը համապատասխանեն ոճրագործութեան, սպաննութեան, որովհետեւ անոնց խորքին մէջ՝ գոյութիւն ունի ատելութիւնը։

Երրորրդ եւ վերջին չափանիշն է որդիականութիւնը։ ''Եթէ դուն, կամ եթէ մենք , պէտք չէ սպաննել մեր եղյբայրը՝ որովհետեւ մեր եղբայրն է, այսինքն մէկ հօր զաւակներ ենք. Ես չեմ կրնար Հօր մօտենալ եթէ հաշտ չեմ եղբօրս հետ'', ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ու ապա քարոզը եզրակացուց վերակոչելով վերոյիշեալ երեք չախանիշերը ու յայտնելով թէ ''դիւրին յատագիր մը չէ, սակայն յառաջ ընթանալու համար Յիսուսին, մեզի ցոյց տուած ուղին է ''։ Յիսուսէն խնդրենք շնորհքը՝ մեր միջեւ խաղաղութեամբ ընթանալու, համաձայնութեամբ , հետեւողականութեամբ եւ որդիական հոգիով։








All the contents on this site are copyrighted ©.