2014-06-12 10:23:53

''Մանկական աշխատանքի շահագործումի դէմ համաշխարհային օրը''


Հինգշաբթի 12 յունիս 2014-ին, կը նշուի ''Մանկական աշխատանքի շահագործումի դէմ համաշխարհային օրը'' որուն այս տարուայ բնաբանն է ''ընդլայնենք ընկերութեան ապահովութիւնը, պայքարինք մանկական աշխատանքի դէմ''։
Յայտնենք թէ այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի օրուայ աւանդական ունկնդրութեան ընթացքին, կոչ մը ուղղեց որուն մէջ դատապարտեով միլիոնաւոր մանուկներու աշխատանքային նուաստացուցիչ շահագործումը, յոյս յայտնեց որ միջազգային հասարակութիւնը կարենայ մանուկներուն ընկերային ապահովութիւնը ընդլայնել ու արմատախիլ ընել այս ախտը։
''Վերանորոգենք մեր յանձնառումը, սկսեալ ընտանիքներէն, իւրաքանչիւր մանուկի ապահովելու համար իր արժանաւորութիւնը եւ առողջ վիճակի մէջ աճելու կարելիութիւնը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ի կոչին մէջ հաստատելով որ ''Անդորր մանկութիւն մը` մանուկներուն թոյլ կու տայ կեանքին ու ապագային նայելու վստահութեամբ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.