Իսրայէլի նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ հանգրուանին յաջողութիւն արձանագրեց
«Լիքուտ» կուսակցութեան երեսփոխան, Քնեսեթի նախկին նախագահ Ռովեն Ռիվլինը: Իսրայէլ
խորհրդարանական հանրապետութիւն է, անոր օրէնքին հիմամբ խորհրդարանն է, որ կ՛ընտրէ երկրին
նախագահը: «Ճերուզալեմ Փոսթ» կը հաղորդէ, որ Ռիվլինի թեկնածութեան ի նպաստ քուէարկած
են 63 երեսփոխաններ, իսկ անոր մրցակից` Մէյիր Շիթրիթը ստացած է 53 ձայն: Այսպիսով,
յուլիսին կ՛աւարտի Շիմոն Փերեսի նախագահութեան 7-ամեայ ժամկէտը եւ Ռիվլին կը դառնայ Իսրայէլի
տասներորդ նախագահը: Նշենք, որ թէ՛ խորհրդարանի նախագահ եւ թէ՛ անպաշտօն երեսփոխան
եղած տարիներուն Ռիվլին բազմիցս արտայայտուած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը
ճանչնալու օգտին: Մասնաւորապէս, այս տարուան մայիսին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման
հարցով իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ան ըսած է. «Դժուար է ներել մեր ողբերգութիւնը
անտեսած ազգերուն, եւ չենք կրնար անտեսել միւս ազգերուն ողբերգութիւնը: Իբրեւ մարդ եւ
իբրեւ հրեայ` ասիկա մեր բարոյական պարտքն է»: