2014-06-12 10:16:20

«Պրազիլը Պատրաստ Է ոտնագունդի աշխարհի Ախոյեանութեան» ըսաւ Ռուսեֆ


Պրազիլի նախագահ Տիլմա Ռուսեֆ յայտարարած է, որ Պրազիլը ամբողջովին պատրաստ է 2014-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 12 յունիսէն մինչեւ 13 յուլիս:
«Պրազիլը պատրաստ է աշխարհի ախոյեանութեան սկզբնաւորութեան: Պրազիլը, ինչպէս Յիսուս Քրիստոսը (Ռիօ տէ Ժանէյրոյի արձանը. «Ա.»), իր գիրկը բացած է` ողջունելու համար իր երկիր ժամանած բոլոր երկրպագուները», ըսած է նախագահը:
Աշխարհի ախոյեանութեան բացման խաղը, որուն ընթացքին պիտի մրցին Խրուաթիան եւ Պրազիլը, տեղի պիտի ունենայ այսօր (12 Յունիս):
ՖԻՖԱ-ի քանի մը ներկայացուցիչներ անանունութեան պայմանով օրեր առաջ յայտարարած էին, որ Պրազիլը պատրաստ չէ հիւրընկալելու 2014-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Անոնք նշած էին, որ կարելի չէ տրամադրել անվտանգութեան նուազագոյն երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ որոշ մարզադաշտեր տակաւին չեն անցուցած ամբողջական ծանրաբեռնուածութեան փորձարկումներ: ՖԻՖԱ-ի անդամներուն կարծիքով` մեծ խնդիր կրնան յառաջացնել նաեւ հաւանական գործադուլները, մասնաւորաբար` փոխադրամիջոցներու համակարգի աշխատակիցներու գործադուլները:








All the contents on this site are copyrighted ©.