2014-06-11 09:31:11

Վատիկանի մէջ ուսումնաժողով ''Պիոս Ժ Քահանայապետը անծանօթ բարենորոգիչ'' նիւթին մասին։


''Զարմանալի նմանութիւն մը Պիոս Ժ-ի եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի միջեւ''։

Պիոս Ժ. ս. Քահանայապետի մահուան 100 ամեակին առթիւ` (օգոստոս 2014), ուսումանսէրներ եւ պատմաբաններ, 12 յունիսին, միատեղ պիտի գտնուին Վատիկանի պատմական գիտութեան կեդրոնին մէջ, ուսումնասիրելու Պիոս Ժ սուրբ Քահանայապետին կեանքն ու գործունէութիւնը (1903-1914) ։
Պիոս Քահանայապետը գիտնականներու գնահատումով եղած է ''անծանօթ բարենորոգիչ'' մը, ու զարմնալի նմանութիւն ունի ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։ Վերոյիշեալ ուսումնաժողովին նիւթն է. ''բարենորոգիչ Քահանայապետ մը յաչս նոր դարու մարտահրաւէրներուն''։
Վատիկանի պատմական գիտութեան կոմիտէի պատասխանատու` հայր Պերնար Արտուրա, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով մատնանշեց որ ս. Պիոս Ժ Քահանայապետին մասին տակաւին քիչ տեղեկութիւն ունինք եւ լաւ ճանչցուած չէ։ Պատմութեան համար ան նկատուած է արդիականութիւնը դատապարտող Հռոմի Պապ մը, առանց նկատի առնելու անոր կատարած բարենորոգումները Եկեղեցւոյ կառավարութեան մէջ ու անոր պարզ ապրելակերպը։ ։
Հայր Պերնար Արտուրա յիշեցուց որ Պիոս Ժ եղաւ նոր դարաշրջանի գեղջական ու ժողովրդական ծագում ունեցող առաջին Քահանայապետը։ Ան եղաւ հոգիներու ճշմարիտ հովիւ մը։ Բարենորոգեց Եկեղեցւոյ կառավարութիւնը եւ փոխադրեց իր բնակարանը առաքելական շէնքի երկրորդ յարկէն դէպի երրորդ յարկ`աւելի համեստ բնակարան մը ունենալու համար ու մերժեց եկեղեցականներուն տիտղոսներու բաշխումը, որուն պատճառաւ բազմաթիւ թշնամիներ շահեցաւ։
Վատիկանի գաղտնի դիւաններու ուսումնասէր Ալէխանտրօ Մարիո Տիեկէզ իր կարգին ընդգծեց ս. Պիոս Ժ Քահանայապետին պարզութիւնը։ Իր ժամանակակիցները զինք կը կոչէին ''գաւարացի Պապ մը'', որ նախապէս եղած է ''փողոցներու առաջնորդ մը''։ Ան կը հանդիմանէր բոլոր այն եկեղեցականները որոնք հետամուտ էին բարձր աստիճաններու տիրանալ։ Կիրակի օրերուն Վատիկանի դռները բանալ տուած է հաւատացեալներուն` անոնց հետ հանդիպումներ ունենալու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.