2014-06-11 11:18:47

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ
Համեստութիւնը տկարութիւն չէ, այլ՝ զօրութիւն...


Մարդոց միտքին մէջ գոյութիւն ունի տպաւորութիւնը, թէ տիրոջ եւ ծառայի հանգամանքները իրարմէ հեռու են այնքան՝ ինչքան երկինք ու երկիր, կամ ինչքան Արեւելքն ու Արեւմուտքը, այսինքն անոնք անշփոթելի են իրարու հետ: Սակայն այդպէս ալ չէ՛ որոշ պայմաններու տակ: Որովհետեւ եթէ առաջինը միշտ իրաւունք ունի երկրորդին սահմանին մէջ մտնելու, միւս կողմէ կը տեսնենք նաեւ, որ երկրորդն ալ երբեմն սահմանը խախտելով, կը մտնէ առաջինին սահմանին մէջ, անկանոնութիւն յառաջացնելով ընկերութեան կեանքին մէջ: Այսպէս, ծառան կրնայ իր տիրոջ բացակայութենէն օգտուելով, ինքնագլուխ որոշումներ կայացնել, այնպիսի քայլեր վերցնել, որոնք ոչ միայն իր իրաւասութենէն դուրս են, այլ՝ վնասակար թէ՛ իր անձին եւ թէ շրջապատին:
Աւետարանին մէջ ալ, Յիսուսի մեզի փոխանցած առակներէն մէկուն մէջ կը կարդանք, թէ երբ տանուտէրը կ՛ուշանայ գալու, պատասխատու ծառան բիրտ վարմունք կը ցուցաբերէ իր ծառայակիցներուն նկատմամբ ու կը սկսի ծեծելու զանոնք: Ուրեմն ծառան, ընկերաբանական հասկացողութեամբ խոնարհ ու պարզ խաւին պատկանող այդ անձը, հակառակ իր շուրջ գծուած օրինական սահմաններուն, կրնայ նաեւ իր տիրոջ գործին միջամուխ ըլլալ ապօրինի միջոցներով: Թերեւս համաձայն ըլլայինք անոր կատարած որոշ շահագործումներուն, սակայն երբ իր տիրոջ դերակատարութիւնը կը վերցնէ ան, արդէն անոր տեղ իր անձը կը տեսնէ: Սա ամբարտաւանութիւն է, որուն պատիժը պէտք է շատ աւելի ծանր ըլլայ։
Այսօր եւս տիրոջ ու ծառայի սահմանագծումներուն մէջ դարձեալ շփոթի կը հանդիպինք: Մարդկային տկարութիւններուն մաս կը կազմէ թերեւս, այս կեանքին մէջ իր տեղը չգիտնալու, իր անձը շատ աւելի բարձր տեսնելու, իր համեստ կարողութիւնները ուրիշներու ունեցած առաւելութիւններուն հետ համեմատելու, եւ նոյնիսկ երեւակայականօրէն իր անձը աւելի կարող անձի մը տեղը դնելու անհաւասարակշիռ երեւոյթները:
Կեանքի մէջ միշտ տկարը աւելի շուտ քննադատուելու եւ հարուածուելու ենթակայ է: Երբեմն տէրեր այնքան կը շփացնեն իրենց ծառաները, որ անոնց մարդկային փառասիրութիւնը շոյուած կ՛ըլլայ բարձրամակարդակ գգուանքով, եւ անոնք արդէն կը մոռնան իրենց ծառայական պաշտօնը ու կը սկսին «ծառայել»ու իբրեւ «տէր»եր: Այդ երկու վիճակներու միացումէն ծնունդ կ՛առնէ անճոռնի մարմին մը, որուն մէջ ծառայութիւնը եւ տիրութիւնը իրարու խառնուած, շփոթուած ու շփոթեցնող կացութիւն մը կը ստեղծէ շրջապատին մէջ: Տեսնուած է նաեւ, որ ծառան երբ ամէն արտօնութիւններ կը ստանայ ու տիրոջ կողմէ միայն գովասանքի կ՛արժանանայ, բաւարարուած հոգիով կը սկսի «ծեծելու» իր ծառայակիցները, ինչպէս Աւետարանին մէջ կ՛ըսուի: Ծառան երբ կորսնցնէ իր ծառայական կեանքին չափանիշը, կամ մէկդի դնէ իր ծառայական գոգնոցը ու հագնի տիրոջ շրջազգեստը, իր տիրոջ նման տիրութիւն ընելու փոխարէն բիրտ բռնատէր մը կը դառնայ: Որովհետեւ անիկա տէր ըլլալու համար չէ՛ ծնած, այլ՝ ծառայ: Աւետարանի առակին մէջ յիշուած տէրը այնքան ալ դաժան մէկը չէր հաւանաբար: Սակայն, երբ տէրը ուշացաւ գալ, ծառան դարձաւ բռնակալ մը ու սկսաւ դաժան վերաբերում ցուցաբերել իր պաշտօնակիցներուն:
Ինքնաճանաչումի դժուարագոյն քննութեան շատ քիչ թիւով «ուսանողներ» կը յաջողին: Գիտութիւնը կը փաստէ, թէ մարդկային ուղեղին մէկ անկիւնը պահուած կը մնայ ուրիշներու հետ չափուելու կամ կարողութիւնները իրմէ աւելի բարձր մարդոց կարողութեանց հետ բաղդատելու յարատեւ ձգտումը:
Ինքնաճանաչումը բարոյական մեծագոյն օրէնքին՝ համեստութեան դաստիարակն է, որուն ճամբով մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ մարդ: Համեստութիւնը տկարութիւն չէ՛, այլ՝ զօրութիւն: Նոյնիսկ հանգամանքով շատ աւելի բարձր մէկը կրնայ գիտուն մարդուն համեստութենէն օգտուելով, անոր խորհուրդին դիմել: Համեստ մարդը կրնայ նաեւ ծառայ մը ըլլալ, որ սակայն ինքնաճանաչման ճամբով գիտէ՛ իր ծառայ ըլլալը, ու բնաւ չի՛ յանդգնիր իր սովորական զգեստէն հրաժարիլ, հագնելու համար տիրոջ բեհեզը: Ուրեմն, ծառան եթէ իր «ծառայութիւն»ը միայն կատարէ, շատ աւելի՛ փնտռուած ու յարգուած ծառայ պիտի դառնայ, բայց ո՛չ թէ տէր:







All the contents on this site are copyrighted ©.