2014-06-11 12:20:18

Կիզիչ արեւի պատճառաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հիւանդներուն հանդիպեցաւ Պօղոս Զ սրահին մէջ


Չորեքշաբթի, 11 յունիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նախ քան, չորեքշաբթի օրուայ աւանդական ընդհանուր ունկնդրութիւնը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, հանդիպեցաւ խումբ մը հիւանդներուն հետ որ կիզիչ արեւի պատճառաւ կարող չէին հրապարակի վրայ սպասել Քահանայապետը։
Անոնց ուղղած իր հակիրճ խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յայտնեց, թէ ''աւելի յարմար եւ հանգստաւէտ է , հոս` այս սրահին մէջ հանդիպիլ ձեզի, ու այստեղէն հետեւիլ ընդհանուր ունկնդրութեան, հեռու ջերմ կլիմայի մթնոլոտէն, ուր արեւը այնքան կիզիչ է որ կարելի է ճաշ եփել''։ Կարող էք ուղղակի պատկերասփռումի միջոցաւ հետեւիլ ունկնդրութեան, առանց չարչարանքի – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, յատուկ այցելութեան աւարտին ու ապա ներկաները հրաւիրեց միասնաբար աղօթել ''Ողջոյն քեզ'' Մարեմեան աղօթքը, ապա անոնց տուաւ իր Հայրապետական օրհնութինը խնդրելով իրենցէ որ աղօթեն իրեն համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.